1910 -ին ստորագրուած խմբագրականով մը Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գոչունեան կարեւոր շեշտադրումներ կը կատար կղերական գործիչներուն ունենալիք արժանիքներուն եւ շատ յաճախ անոնց պաշտօնի մը ետեւէն վազելու մասին: Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք «Ազգի՞ն, թէ խղճին ձայնը » խորագրեալ յօդուածը նկատի առնելով նաեւ Գոչունեանի գիրի այժմէականութիւնը եւ հոն տեղ գտած ցարդ ալ տիրական հանդիսացող մտահոգութիւնները:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր նոր երեւոյթի մը հանդիսատես կ’ըլլանք ազգային շրջանակներու մէջ:
Այն բոլոր եկեղեցականներն ու աշխարհակալնները, որոնք ժողովրդականութիւն շահիլ կ’ուզեն կա՛մ իւղոտ պատառներ ձեռք ձգելու եւ կամ իրենց դիրքը չխախտելու համար, նեղը մնալուն պէս ազգային ձայնին հպատակելու պարտականութիւն ունենալնին մէջ կը բերեն, որպէսզի մի գուցէ քննադատութեան ենթակայ ըլլան իրենց վերոյիշեալ արարքներուն տեսակէտով:
Ամբողջական տեքստ