armchurch.info (12.09.2017)
Միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը կը կազմէ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ո՛չ միայն միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բարձրագոյն մակարդակի վրայ ղեկավարի դիրքեր ստանձնած է, այլ՝ քաջալերողը Հայ Եկեղեցւոյ գործօն ու հետեւողական մասնակցութեան յիշեալ մարզէն ներս։ Եկեղեցին ժողովուրդը ըլլալով, նա յատուկ կարեւորութիւն կու տայ եկեղեցականներուն առընթեր աշխարհականներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն՝ կին թէ այր, միջ-եկեղեցական կազմաւորման ու մասնակցութեան։