Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մաս կազմող հայկական Վագըֆ գիւղի մասին նկարահանուած փաստավաւերագրական ֆիլմը կը թարգմանուի թրքերէնի: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»ը, նշելով, որ Կիլիկիոյ վերջին հայաբնակ գիւղը, ուր մինչ օրս կը բնակի շուրջ 100 հայ, տարիներ առաջ դարձաւ թրքաբնակ լուսանկարիչ Սայիտ Սերքան Գիւրպուզի ու ամերիկացի Քարոլին Թրենտ Գիւրպուզի ուշադրութեան կենդրոն, որոնք 2012-ին «Նօսրացող համայնք. Վագըֆ՝ Թուրքիայի վերջին հայկական գիւղը» անունով փաստավաւերագրական ֆիլմ պատրաստեցին վագըֆցիներու մասին: