Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը կազմելու առաջադրութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի հրաւէրով Պատկ, Կրօնական Ժողովի անդամներ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուեցան 4 Յուլիս 2017, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը արտասանեց «Տէրունական Աղօթք»ը, որմէ յետոյ հաւաքոյթին ատենապետութեան հրաւիրուեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեան։ Ատենապետ Սրբազան Հօր հրաւէրով Տեղապահ Սրբազան Հայրը արտասանեց բացման խօսքը։