Հալէպ․ Հայկական Ամանոր

  • 03/01/2018

civilnet.am

Շնորհաւոր Նոր տարի:

Պիտի չելլեմ տունէն, սակայն մտովին պիտի քալեմ Հալէպի փողոցներով, պիտի անցնիմ հայկական կամ հայաշատ փողոցներէն:

Շէնքէն դուրս ելլելուս պէս դիմացս պիտի տեսնեմ 300 ամեայ մեր մեծ՝ Մխիթարեան Միաբանութեան վարժարանի հիասքանչ կառոյցը: Հարուստ պատմութիւն ունեցող՝ 1936-ին հիմնուած Մխիթարեան վարժարանը տագնապի տարիներուն ինք ալ տագնապ ապրեցաւ. գտնուելով շատ վտանգաւոր վայրի մը մէջ յաճախ ենթարկուեցաւ զանազան ռմբակոծումներու եւ այլ դպրոցներէ աւելի շատ կորսնցուց իր աշակերտները, որոնց թիւը նուազելով հասաւ… յիսունի… սակայն դռները բաց ձգեց: Հիմա, ընդամէնը հարիւրէ քիչ մը աւելի աշակերտներ ունի, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը ոչ հայ: Վիրաւոր է Մխիթարեան Վարժարանը, սակայն ներկայիս վայելելով Միաբանութեան ամբողջական զօրակցութիւնը, Հալէպի Հայ կաթողիկէ Առաջնորդարանի նեցուկն ու աջակցութիւնը, անոր պատասխանատուները կը հաւատան որ հայկական այս դպրոցը պիտի վերագտնէ իր փառքի օրերը, բայց կը վախնամ որ այս հայահոծ շրջանը՝ Ճալա՛ա թաղամասը չվերագտնէ իր նախկին հայկական դիմագիծը, չէ՞ որ ամէնէն առաջ այս թաղը դատարկուեցաւ հայերէն, ամէնէն շատ այս թաղամասէն գաղթեցին հայերը եւ հիմա ամէն մէկ շէնքին մէջ հազիւ քանի մը ընտանիք մնացած են, անոնք ալ մասնատուած:

Ամբողջական տեքստ