Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսը շնորհավորել է Նիկոլ Փաշինյանին

  • 19/12/2018

civilnet.am

Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ առաջին կաթողիկոսը նամակ է հղել ՀՀ վարչապետի պաշտոնակատար Նիկոլ Փաշինյանին։ Նամակը ներկայացված է ստորև։

«Սիրելի՛ Պրն. Փաշինեան,

Օր մը երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ միասին լիճին միւս ափը կ՚անցնէր, զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը, եւ ապա, ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ, խաղաղութիւն տիրեց (Ղուկ. 8, 22-25)։ Անցնող ամիսներուն, մեր ժողովուրդը հայրենիքին կեանքին մէկ ափէն առաջնորդեցիք միւս ափը։ Փոթորկեցաւ մեր կեանքի լիճը։ Սակայն, շնորհիւ մեր ժողովուրդի հաւատքին ու կամքին եւ ապա խորհրդարանական ընտրութեամբ, խաղաղութիւն տիրեց Հայաստանէն ներս։ Ներկայ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մնայուն ու ամուր՝ հաստատուած «սիրոյ ու համերաշխութեան» զօրեղ հիմերուն վրայ։

Ջերմօրէն կ՚ողջունենք իր կեանքը յեղափոխելու մեր ժողովուրդին քաջութիւնն ու տեսլականը։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նաեւ Ձեր ընտրութիւնը։ Շուտով. եւ աւելի բարձր պատասխանատուութեամբ, պիտի լծուիք հայրենիքի ծառայութեան այնքան նուիրական առաքելութեան։ Հայրենիքին ծառայելը գերազանցօրէն առաքելութիւն է։ Այս համոզումէն մեկնելով, պիտի ուզէինք Ձեզի հետ բաժնել կարգ մը մտածումներ ու սպասումներ.

Ամբողջական տեքստ