arevelk.am (12.08.2017)
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի մամլոյ ծառայութիւնը դիմատետրի իր էջով պաշտօնապէս հերքած է պոլսահայ մամուլի մէջ շրջանառուած այն լուրերը, թէ Պոլսոյ պատրիարքի նորընտիր տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեան չէ արտօնած պատրիարքարանի շէնքին մէջ ապրող Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի մօրը շարունակել ապրիլ այնտեղ:
Նշենք, որ պատրիարք Մութաֆեան 2008 թուականէն ի վեր մահաքունի մէջ է:
Պատրիարքարանը հերքած է օրեր առաջ «Լոյս» հանդէսին մէջ հրապարակուած լուրն ու այն անհիմն անուանած:
Ըստ պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն, արքեպիսկոպոս Պէքճեան ամէն կերպով պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու պատրիարքի մօրն ու որեւէ խնդիր չէ ունեցած անոր հետ, իսկ տարածուած տեղեկութիւնները կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը: