25 Յունիս 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իշխանութեան ներքեւ գործող բոլոր եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, որուն ընթացքին հոգեւորականներ աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ վերառաքեցին` բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ անսասանութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: