arevelk.am (8.01.2018)
Իրանահայերը կ’ապրին իրենց հայրենակիցներուն հետ հաւասար պայմաններու մէջ՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դրօշի ներքոյ: Այս մասին յայտարարած է Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Չիֆթչեանը, կը յայտնէ IRNA գործակալութիւնը:
«Մենք պէտք է ունենանք երկրի առաջընթացին համապատասխան անհրաժեշտ փոխգործակցութիւն եւ համագործակցութիւն»,- ըսաած է ան, ելոյթ ունենալով Իրանի հիւսիս-արեւմուտքի մէջ՝ Թաւրիզի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան նուիրուած արարողութեան ժամանակ:
«Մենք բոլորս եղբայրներ ենք իսլամներու հետ, եւ ուրախ ենք տեսնել մեր արարողութիւններուն մասնակցող պաշտօնատար անձանց»,- ըսած է ան: