Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Շահան արք. Սարգիսեան վաղը՝ կիրակի պիտի պատարագէ Անթիլիասի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Լիբանանահայ մամուլին կողմէ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ տեղի պիտի ունենայ աբեղայական ձեռնադրութիւն ձեռամբ Տ. Շահան սրբազանին: Աբեղայական ձեռնադրութեան արժանի պիտի դառնան Պիքֆայաի «Զարեհեան» դպրեվանքի սարկաւագներ բարշ. Հրայր սրկ. Տաղլեան եւ բարշ. Մովսէս սրկ. Խաչատուրեան: