Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ ու ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահը, Ազգային Ժողովը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Այս մասին ասված է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ի ուղերձում:
«Արդարեւ, հայրենիքի անկախութիւնը հռչակողը իր ժողովո՛ւրդն է: Հայրենիքի անկախութիւնը ամէն տեսակ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ պաշտպանողը, դարձեալ իր ժողովուրդն է: Հայրենիքը հող է, պետականութիւն է, ինքնիշխանութիւն է եւ այս բոլորին խորք, իմաստ ու նպատակ տուողը ժողովո՛ւրդն է: