Միացյալ Հայաստանի տեսլականի առաջին քայլը Արցախի միացումն է Հայաստանին․ Արամ Ա

  • 27/05/2019

civilnet.am

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Հանրապետական Մաղթանք» Անթիլիասի մայր տաճարում՝ մայիսի 28-ին ընդառաջ։

«Կատարեցինք «Հանրապետական Մաղթանք» մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն: Այլ խօսքով, աղօթեցինք մեր հայրենիքի ապահովութեան, յառաջդիմութեան ու հզօրութեան համար, մաղթելով որ հայրենի մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած իշխանութիւնը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան յանձնառու հայոց բանակը՝ խոր հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով լծուին իրենց հայրենաշէն ու ազգանուէր ծառայութեան:

Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է եւ անոնց միաձոյլ ամբողջութիւնը։ Հետեւաբար, հայրենիքը սրբազան արժէք է. ան իր ժողովուրդին գոյութեան ամրոցն է, հզօրութեան աղբիւրը եւ յաւերժութեան երաշխիքը: Հայրենիքի պահպանումը, հզօրացումը ու ծաղկումը եւ անոր ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն հաւատարմութիւնը՝ իւրաքանչիւր հայու կեանքին առանցքը ու գործին նպատակը պէտք է դառնայ: Հայրենիքը իր ժողովուրդով կայ ու կը մնայ իր ժողովուրդին միասնականութեամբ կը ծաղկի իր ժողովուրդին արիւնով եւ քրտինքով կը մնայ ամուր ու կանգուն բոլոր տեսակի փոթորիկներուն դիմաց:

Ամբողջական տեքստ