«Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաժարման պահանջով վերջերս Հայաստանի մէջ մտահոգիչ լուրեր կը տարածեն». Առաջնորդի պատգամը

  • 09/06/2018

168.am

«Սիրելի Հաւատացեալներ,

Իմ օրհնութիւններս եւ ջերմ բարեմաղթութիւններս բոլորիդ,

Կը գրեմ ձեզի՝ որովհետեւ եկեղեցական եւ աշխարհական ցուցարարներու փոքր խումբ մը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաժարման պահանջով վերջերս Հայաստանի մէջ մտահոգիչ լուրեր կը տարածեն:

Անցեալ ամիսներու ընթացքին մեր Հայրենիքին մէջ ցուցաբերուեցան ժողովրդական կամքի նշանակելի արտայայտութիւններ, ներկայացուեցաւ Հայաստանի հազարաւոր քաղաքացիներու արդար պահանջքը՝ աւելի հարազատ եւ իրական հայրենի կառավարութեան մը կապակցութեամբ: Նոյն ազնիւ գաղափարները ի զօրու են նաեւ մեր սուրբ Եկեղեցիին համար: Սակայն, Եկեղեցին պարզ քաղաքական կազմկաերպութիւն մը չէ. այլ Յիսուսի Մարմինն է, յաւիտենական, տկար մարդկային արարածներու խորհրդաւոր եւ սուրբ հաղորդութիւնը ամենազօր Աստուծոյ հետ:

Իւրաքանչիւր Կիրակի Ս. Պատարագի ընթացքին կ’աղօթենք որ Աստուած պահպանէ Քրիստոսի սուրբ Եկեղեցին՝ եւ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ պահէ զայն անսասան ու զօրաւոր: Մենք կը սպասենք որ մեր հաւատացեալները առաւել եւս զօրացնեն մեր եկեղեցին՝ խոհեմութեան ոգիով, քրիստոնէական ջերմեռանդութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ սիրով: Հեռու պէտք է մնանք անձնական յարձակումներէն եւ խնդրայարոյց ցոյցերէն:

Ամբողջական տեքստ