Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ «Կրօնը եւ կենսոլորտը» խորագրեալ համագումարը կ’աւարտէ իր եռօրեայ աշխատանքները

  • 30/06/2018

arevelk.am

Ուրբաթ, 29 Յունիս 2018-ին, «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» թեմայով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին 8-րդ երկխօսութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Փակման նիստին հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թիւրքմէն եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնի նախագահ՝ Դոկտ. Մոհամետ Մահտի Թասխիրի։ Փակման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնաժողովին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Գործադիր Վարչութեան միջեւ հանդիպում-ժողով մը։

Ամբողջական տեքստ