Պոլսոյ պատրիարքական աթոռէ ներս վերջին շաբթուայ իրադարձութիւններու մասին ուզեցինք լսել Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի մեկնաբանութիւնները։ Սրբազանը լսելով մեր հարցումը, խուսափեցաւ հեռախօսով բացատրութիւն տալէ եւ նախընտրեց այդ հարցումները գրաւոր կերպով պատասխանել։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սեպուհ արք. Չուլճեանի մեկնաբանութիւնը Գարեգին Պէքճեան սրբազանի քաղաքէս մեկնելով աւարտին հասած զարգացումներու մասին։
Սրբազան հայր, դուք անկասկած կը հետեւիք պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան շուրջ կատարուող իրադարձութիւններուն։ Իբրեւ հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորական եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան թեկնածու, ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս երեւոյթներու նկատմամբ։
ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ- Ողջ հայ ժողովուրդն է հետեւում Պոլսում կատարուող իրադարձութիւններին։ Տարօրինակ ու անտրամաբանական շատ բաներ կատարուեցին անցնող 10 տարիներին եւ այժմ էլ, այս օրերին եւս, ինչ որ կատարուեց, շատ անսպասելի էր եւ գրեթէ անհասկանալի ու անպատուաբեր մեզ բոլորիս համար։ Ցաւում եմ, որ Թուրքիան, իբրեւ դէմոկրատական եւ լայիք սկզբունքներին հաւատարիմ պետութիւն, արդէն 10 տարի սառեցրել է 40-50,000 քրիստոնեայ հայ փոքրամասնութեան՝ իր հոգեւոր պետին՝ Պատրիարքին ընտրելու իրաւունքը։ Սա վայել չէ 80 միլիոն ազգաբնակչութիւն ունեցող գերհզօր պետութեանը։
Տպաւորութիւն է ստեղծւում, որ իշխանութիւններին հաղորդուել են սխալ տեղեկութիւններ մեր եկեղեցական կարգ ու կանոնի մասին, եւ իշխանութիւններն էլ ապա կողմնորոշուել են, այլապէս հիւանդ, բուսական կեանքով ապրող Պատրիարքին գործունեայ ճանաչելու անտրամաբանական մի նամակ չէր կարող հրապարակուել։