Գոհունակութեամբ կը հաղորդենք Թեմիս համայն հաւատացեալներուն, թէ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան, որ 14 տարիներ Գանատահայոց Թեմէն ներս ծառայած է որպէս Հոգեւոր Հովիւը Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ Հոգեւոր Հովիւը նշանակուած է Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ։
Տէր Հայրը երկար տարիներու վաստակ եւ փորձառութիւն ունեցող հոգեւորական մըն է։ Գանատայի մէջ իր ծառայութեան ընթացքին նախաձեռնած է բազմաթիւ աննախադէպ ձեռնարկներ, հիմնած է նորանոր յարակից մարմիններ, ծրագրած է երիտասարդական նոր շարժումներ, կազմակերպած է բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ դէպի Մայր Հայրենիք եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։