4 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի նախագահական ընտրութեան թեկնածու Տիար Արմէն Սարգիսեանին։
Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ճանչնալով Տիար Սարգիսեանը, ջերմօրէն ողջունեց անոր թեկնածութիւնը՝ շեշտելով, թէ Հայաստանի ներքին կեանքին եւ Սփիւռքին լայն չափով ծանօթ ըլլալով, ինչպէս նաեւ ակադեմական ու տնտեսական մարզերէն ներս իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ ու միջազգային շրջանակներուն հետ իր մշակած յարաբերութեամբ, որպէս նախագահ կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Արմէն Սարգիսեանի թեկնածութիւնը Հայաստանի թէ Սփիւռքի բոլոր շրջանակներուն կողմէ գոհունակութեամբ ընդունուած է։ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Տիար Սարգիսեան մեր ժողովուրդին ունեցած վստահութիւնը իր նկատմամբ ի սպաս պիտի դնէ Հայաստանի Հանրապետութեան առաւել հզօրացման ու ծաղկման։