Մարդասիրական աջակցություն բռնի տեղահանվածներին՝ Արամ Ա-ի նախաձեռնությամբ

  • 20/10/2023

hraparak.am

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկոսը, Արցախեան հայենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող աւելի քան 100,000 հաշուող Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին հետեւանքով, կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն։ Այս յանձնախումբի անդամներն են Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին), Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին), մեթր Ժիրայր Հապիպեանը (ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Ու Շրջակայից թեմին) եւ տիար Յակոբ Լուսարարեանը (անդամ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան)։

Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ յիշեալ յանձնախումբը եռօրեայ այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Հայաստան՝ գործնական քայլերու դիմելու նպատակաւ։

Ամբողջական տեքստ