«Միայն նոր աւերներ պիտի բերէ». Յունաց Պատրիարքը քննադատութիւններ ուղղեց Ամերիկային

  • 13/04/2018

arevelk.am

Անտիոքի եւ ամբողջ Արեւելքի յոյն ուղղափառ պատրիարք Եուհաննար Ժ. Եազըճի երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է« Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելու ամերիկեան վերջին յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները, որ հիմնուած են արգիլուած զէնք օգտագործելու սուտ զրպարտանքներու վրայ, մեր երկիրն ու ամբողջ տարածաշրջանը յաւելեալ քանդումի պիտի տանի»: