Քրիստոսի Յարութիւնը՝ մարդուն ազատագրումը մեղքէն. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան պատգամը

  • 01/04/2018

arevelk.am

Կորնթոսի նորադարձ քրիստոնեաներու մտքին մէջ շփոթ կար, անորոշութիւն կը տիրէր Քրիստոսի յարութեան մասին։ Կորնթոսի նորահաստատ եկեղեցւոյ ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալի մօտեցումը կ’ըլլայ յստակ.- Քրիստոսի յարութիւնը իրողութիւն է, որովհետեւ ան հիմնուած է ականատեսի վկայութիւններուն եւ Աւետարանի ուսուցումներուն վրայ։ Ապա Առաքեալը կ’աւելցնէ թէ՝ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ եւ, հետեւաբար, քրիստոնէական հաւատքը պիտի կորսնցնէր իր իմաստը եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար (Ա. Կորնթ. 15)։ Յարութեան մասին Առաքեալին տուած բացատրութիւններուն մէջ կարեւոր է ընդգծել հետեւեալ շեշտը թէ՝ Քրիստոսի խաչելութեան, թաղման ու յարութեան դրդապատճառը մարդուն մեղքն է, եւ անոր նպատակը՝ մեղքին մաքրութիւնն է։

Ամբողջական տեքստ