29 Յունիս 2018-ին, «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» թեմայով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին 8-րդ երկխօսութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Փակման նիստին հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թիւրքմէն եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնի նախագահ՝ Դոկտ. Մոհամետ Մահտի Թասխիրի։ Փակման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնաժողովին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Գործադիր Վարչութեան միջեւ հանդիպում-ժողով մը։
Փակման նիստի իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ կենսոլորտին վերաբերեալ նիւթերը այժմէական են եւ անկարելի է եզրափակութեան հասնիլ այդ ուղղութեամբ։ Հայրապետը նշեց, որ երեք օրերու վրայ երկարող երկխօսութեան ընթացքին քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններուն տեսակէտները պարզուեցան եւ երեւան եկան երկուքին միջեւ բազմաթիւ հասարակ գիծեր ու որոշ տարբերութիւներ. հետեւաբար, պէտք է ըսել, որ երկու կրօններն ալ նոյն ուղութեամբ կ՚ուղղուին այս նիւթին առնչութեամբ։ Իր կարգին, Իպրահիմի խօսք առնելով ընդգծեց, որ մարդ արարածը սովորութեան վերածած է կենսոլորտին վնաս հասցնելը, մինչ կենսոլորտին բարեկամները կը նկատուին զարտուղիներ։ Ան յայտնեց, որ Աստուած ոչ միայն մարդ արարածին, այլ բնութեան բոլոր էակներուն Աստուածն է, եւ այս մէկը ի միտի ունենալով հարկ է ապրիլ։ Վերջապէս, Դոկտ. Թասխիրի ընդգծեց, որ այնքան ատեն, որ մարդ արարածը կենսոլորտին հետ իր յարաբերութիւնը չի հունաւորեր Աստուծոյ ներկայութեամբ, հոն կը բացակային բարոյագիտական արժէքները ու մարդը կը թերանայ կենսոլորտին հանդէպ իր պարտաւորութիւններուն մէջ։