Թուրքիոյ իշխանութիւններւ միջամտութեան հետեւանքով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին մնացող Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի դէմ ստամպուլահայ համայնքի ներկայացուցիչները կը շարունակեն բողոքի ձայն բարձրացնել:
«Ակօս»-ի փոխանցմամբ՝ քաղաքի հայաշատ Քուրթուլուշ եւ Ֆերիքէօյ թաղամասերու բանուկ փողոցներու մէջ փակցուցած են Աթեշեանի նկարով թռուցիկներ, որոնց վրայ ան պատկերուած է սեւ փակուած աչքերով: