«Ո’չ Աստիճանը եւ ո’չ ալ սքեմը պէտք է ծառայեցնենք
իբրեւ միջոց ճոխ եւ փարթամ կենցաղի մը յղփանքին,
որ շատ աւելի անվայել եւ անպատիւ է
հոգեւորականին համար»:
Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան
«Եթէ նային մեր հանգուցեալ հոգեւորականներուն թողած ունեցուածքներուն, կը հասկնան, որ ամէն ինչ բնական է»: Ահաւասիկ այս տողերով իր ցասումը կ’արտայայտէ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ՝ Արամ Արք. Աթէշեան, որովհետեւ Պոլսոյ հայաշատ Գուրթուլուշ պողոտային վրայ գտնուող իր գնած տունը ժողովրդային ընվզում յառաջացուցած ըլլալով՝ թիրախ դարցած է եղեր ժողովրդային «բանբասանքին»: Արդարեւ՝ արժան եւ իրաւ:
Վերլուծելէ առաջ այս տխուր իրականութիւնը, Արամ Արքեպիսկոպոսին պէտք է յիշեցնել որ կարիքը չկայ հանգուցեալները վկայակոչելու. անհրաժեշտ չէ անոնց հանգիստը խանգարել իրենց յաւիտենական նինջին մէջ, որովհետեւ ողջ մնացող միլիոնատէր եկեղեցականները, փա՜ռք Ամենակալին, շա՜տ են: Յաճախ կը կրկնենք եւ կը յայտարարենք, թէ «ձուկը գլուխէն հոտած է», այն համոզումով՝ որ ի վերջոյ ժողովուրդը կ’արթննայ եւ հաշիւ կը պահանջէ այս «եկեղեցական» կոչուած փերեզակներէն (բացառութիւնները միշտ յարգելի), որոնք կը կեղեքեն հայ ժողովուրդին ազնիւ զգացումները:
Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, հոգեւոր կամ կրօնական կեանքի ապրելակերպին էական մէկ յատկանիշն է աղքատութեան ուխտը: Իւրաքանչիւր միաբան ձեռնադրութեան ժամանակ կ’ընթեռնու զայն, խոստանալով հրաժարիլ արծաթսիրութենէ եւ չծառայել մամոնայի, վասն արքայութեան երկնից, եւ քաջաբար յայտարարել Պետրոս Առաքեալի նման եւ ըսել. «Տէ’ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք ետեւէդ»: Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ անտարակոյս կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ:
Դժբախտաբար հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր բոլորովին տարբեր եւ տխուր իրականութեան մը առջեւ: Եկեղեցականներ, որոնք զուրկ եւ դատարկ են հոգեւոր կեանքէ, կը յոխորտան եւ կը գոռոզանան միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութիւններով: Աւելի խորանալէ առաջ այս տխուր վերլուծումին մէջ, կ’արժէ այստեղ յիշատակել եւ խոնարհիլ այն հոյլ մը սրբակեաց եկեղեցականներու անթառամ յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքին օրինակով ապրեցան արժանավայել կեանք մը Տիրոջ պատուէրին համաձայն եւ արժանացան Հայ ժողովուրդի բարեպաշտ գնահատանքին եւ պաշտամունքին:
Հոգեւոր կեանքի հասկացողութեան բացակայութիւնը, այլ խօսքով ներհայեցողական եւ ներանձնացեալ կեանքի ժխտումը, այնքան ակներեւ է այսօր Հայց. Եկեղեցւոյ եկեղեցականութեան մօտ, որ ահազանգային դժբախտ եւ տխուր վիճակ մը կը ներկայացնէ: Հայրենիքէն ներս եւ կամ ի սփիւռս աշխարհի, եկեղեցականներ՝ չըսելու համար աւելի աշխարհիկ կեանքի մէջ տուայտող սքեմաւորներ՝ աղքատ եւ սնանկ հոգեւոր կեանքով, միլիոններ դիզած, արծաթսիրութեամբ կը փորձեն աթոռներ ապահովել, ի հարկին գնել, ինչպէս կ’ընէին Պոլսոյ Պատրիարքները ամիրայական տարիներուն, երբ այս «մենաշնորհեալները» կը կեղեքէին ազգը իր ամբողջական իմաստով:
Ի՞նչ է արդեօք պատճառը որ եկեղեցականներ այս անփառունակ ճանապարհը ընտրած են, իյնալով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ, որ ամբողջութեամբ հակառակ է քրիստոնէական բոլոր սկզբունքներուն: Շա՜տ պարզ է, որովհետեւ կ’ուզեն ապրիլ աշխարհիկ կեանքի բոլոր ճոխութիւնները, դրժելով իրենց աղքատութեան ուխտը, որուն երբեք չէին հաւատացած ի սկզբանէ:
Այս տխուր իրավիճակին պատճառները մեր մոլորեալ բարձրաստիճան ընչաքաղց եկեղեցականներն են, որոնք «հոգեւոր» կեանքէ աւելի՝ կը զբաղին առեւտուրով, եկամտաբեր կալուածային գործառնութեամբ, շուկայական սակարանով (stock market), օֆշորային հաշիւներով եւ այլ ձեւի եկամտաբեր գործերով – փուռ, ճաշարան, վաճառատուներ, փոխադրամիջոցներ, առեւտրային շուկաներ (shopping centers), եւայլն:
Այս մոլորեալներու առաջին կարգի վրայ կուգայ Գարեգին Բ. Կթող.Ներսիսեան, եւ երբեք չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ ան իր միլիոններով կրնայ մրցիլ հայրենի «օլիկարխ»ներուն հետ: Ուրկէ՞ են այս դրամները: -մի՛ հարցնէք, որովհետեւ ճշմարիտ պատասխան մը պիտի չստանաք. վկայ՝ Տէր Վահրամ Մելիքեանը:
Այս մոլորեալներու շարքը ճոխացնելու համար, կ’արժէ յիշատակել այլ մեծահարուստ միլիոնատէր եկեղեցականներու անունները .- Գարեգին Ա. Կաթող. Սարգիսեան, Արամ Ա. Կաթող. Քէշիշեան, Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան, Շահէ Արք. Աճէմեան, Ներսէս Արք. Պօզապալեան, Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Եզրաս Արք. Նեսիսեան, Մեսրոպ Արք. Աշճեան, Խաժակ Արք. Պարսամեան, Օշական Արք. Չոլոյեան, Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը մեծահարուստ կալուածատէր, դրամատէր «սնանկ» եկեղեցականներուն որոնք տակաւին կը տուայտին մոլորեալ արծաթսիրութեամբ, մոռնալով ամէն աւետարանական սկզբունք եւ ուխտ…:
Հիմա կը հասկնա՞յ ընթերցողը, թէ ինչո՛ւ Արամ Արք. Աթէշեան բնական կը նկատէ անձնական կալուած ունենալը: Չէ՞ որ ձուկը գլուխէն հոտած է, եւ շատ հաւանական է որ պոչին ալ հասած է, որովհետեւ նոյնքան մեծահարուստ կալուածատէր քահանաներ կան, որոնք ձախողած իրենց արհեստներուն մէջ, –ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ՝ «գործը չեղաւ, տէրտէր եղաւ»,– մտած են եկեղեցական ասպարէզ՝ հանգիստ եւ ապահով կեանք մը ապրելու համար (բացառութիւնները միշտ յարգելի):
Ի՜նչ ուխտ… ի՜նչ առաքելութիւն…: Ոսկիէ հո՛րթն է պաշտամունքի առարկան: Դժբախտաբար Հայաստանեայց Եկեղեցին կորսնցուցած է իր երբեմնի հմայնքն ու փառքը, որովհետեւ շեղած է իր պատմական կոչումէն եւ հոգեմշակութային սնունդի մատակարարման ճամբէն: Շատեր կը տեսնեն այս դժբախտ իրողութիւնը, բայց քաջութիւնը չունին սպառնալիքը ճակատէն դիմագրաւելու եւ հակադարձ շարժումի մը ձեռնարկելու: Այսօր՝ եկեղեցական հանրային-հասարակական կեանքն է որ կը քայքայուի մեր աչքերուն առջեւ եւ մենք անտարբերութեամբ կը դիտենք համազգային նուիրականութիւններու խախտումն ու փլուզումը:
Եթէ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ օրէնք, հանրային կարծիք եւ հաւաքական հակակաշիռ կը պակսին ու մարդիկ ուս թօթուելով կ’անցնին, կասկածէ դուրս է որ կամապաշտ օրինական խախտումները կը բազմանան ու կը դառնան հանապազօրեայ հաւաքական կեանքի այլանդակութիւն: Պարտինք բոլորս ալ առօրեայ մեր կեանքէն բխող հրատապ հարցերուն անյապաղ լուծում առաջարկել, որովհետեւ անոնց անլոյծ մնալը մեզ կը հիւծէ ու կը սպառէ թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ ֆիզիքապէս:
Եւ վերջապէս, մեր ազնիւ ժողովուրդի վստահութեան ու յարգանքի զգացումի չարաշահումով, կրաւորական մտաւորականութեան ու ժողովուրդի աններելի անտարբերութեան առկայութեամբ, ազգային-հանրային ընչաքաղց եկեղեցական «ղեկավար»ներ պիտի շարունակեն կեղեքել Եկեղեցին ու ազգը իրենց վստահուած պաշտօններուն գործադրութեան ատեն, իրենց խղճին վրայ տապանաքար մը դնելով, որովհետեւ չկայ հաշուետուութիւն ու թափանցիկութիւն մեր բոլոր եկեղեցական-ազգային գործերուն մէջ: