Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի 28 Նոյեմբեր 2016-ի խմբագրականին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Անթիլիասը կը դառնա[յ] նաեւ մեր համահայկական պահանջատիրութեան առումով առաջին իրաւական քայլ առնող համասփիւռքեան-համահայկական կեդրոնը: ….Անթիլիասը կը ներկայանայ իբրեւ մեր համազգային պահանջատիրութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, իրաւական գետնի վրայ նախաքայլ առնող եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ առաջին դատ յարուցող իրաւատէրը:» Ընթերցողին ուշադրութեան կը փափաքինք յանձնել այս անարդար եւ անճիշդ գնահատումները որոնք ո՛չ մէկ ձեւով կը համապատասխանեն իրականութեան:
Համասփիւռ հայութեան ծանօթ է, որ պահանջատիրութեան դատական առաջին քայլը, – թէեւ ո՛չ ուղղակի թուրք կառավարութեան դէմ,- սկսած էր աւելի քան տասն եւ հինգ տարիներ առաջ, Մարթին Մարութեանի առաջադրութեամբ եւ http://articles.latimes.com/2004/jan/29/local/me-genocide29 [The suit was filed in November 1999 by Martin Marootian of La Canada Flintridge, and 12 other plaintiffs, including one from the Republic of Armenia] մտայղացումով,կազմակերպութեամբ իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի ու ապա գործօն մասնակցութեամբը իրաւաբաներ Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Գապաթէքի, որոնք երկար տարիներու անխոնջ դատական աշխատանք տանելով «Նիւ Եորք Լայֆ» Ընկերութեան (New York Life Insurance), ու ապա Ֆրանսական «Աքսա» Ընկերութեան (AXA Insurance) դէմ, նպաստընկալներուն(beneficiaries) ապահովեցին կոկիկ գումարներ: Մեր նպատակը այստեղ մանրամասնութիւններ ներկայացնել չէ թէ այդ գումարները ինչպէս բաժնուեցան Կ’արժէ այստեղ յիշատակել նաեւ, թէ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը տարիներէ ի վեր առանց փողահարելու, լուռ ու մունջ դատ բացած է թուրք պետութեան դէմ՝ (Պոլսոյ եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ) վերատիրանալու համար իրմէ յափշտակուած եւ բռնագրաւուած կալուածներուն, որոնց մասին զանազան առիթներով կարդացած ենք հայկական, նամանաւանդ պոլսահայ մամուլին մէջ: Հետեւաբար արդար չէ ըսել, թէ Անթիլիաս եղաւ Թուրքիոյ դէմ առաջին դատ յարուցողը:
Յաջորդ կարեւոր հարցը որուն կ’ուզեմ անդրադառնալ՝ համահայկական իրաւաբանական համախմբուած լուրջ աշխատանքի բացակայութիւնն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին կողմէ՝ Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին վերատիրանալու այս պահանջը, հակառակ մեր լաւատեսութեան, ձախողութեան պիտի մատնուէր զանազան օրինական պատճառներով: Մեր համեստ կարծիքը այն է, որ նման աշխատանքներ, անհատներու ԵՍի պաշտամունքէն անդին պէտք է անցնին եւ ըլլան ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ: Պատմաբան Կարօ Մոմճեանի մեկնաբանութիւնը շատ տեղին եւ իրաւացի է՝ «Արեւելք»ի իր տուած հարցազրոյցին մէջ, որովհետեւ պատմաբանը կրցած է իր մատը վէրքին վրայ դնելով եզրակացնել եւ ըսել. «Ասիկա քայլ մըն է որ կը խաղայ ժողովուրդի զգացումներուն հետ, ժողովուրդը ոգևորելով միայն, ու ապա զիրենք տխրութեան կը մատնէ. և այդ տխրութեան անունը դրած են բարոյական յաղթանակ»: http://www.arevelk.am/
Մեր ընթերցողներուն յիշողութիւնը թարմացնելու համար յայտնենք, որ երբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը բացաւ այս դատը, հայկական մամուլին մէջ կարդացինք նաեւ կալուածի դրամական արժէքի մասին: Թէեւ կաթողիկոսարանը անմիջապէս մերժեց եւ հերքեց նման տրամադրութիւն մը, սակայն եւ այնպէս իրողութիւնը մնաց այն՝ որ դատական թղթածրարին մէջ կար նաեւ 37 միլիոն տոլարի հատուցման հարց մը: Փաստացի ճշմարիտ իրողութիւնները պէտք չէ ծածկել. ուշ կամ կանուխ երեւան կու գան: Թափանցիկութեան բացակայութիւնը մեզ այս օրերուն հասցուցած է:
Հիմա որ կը շեփորենք եւ կը բարձրաձայնենք մեր յաջորդ քայլը, դատը ներկայացնելով Եւրոպական Խորհուրդի դատարանին, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հոգեվիճակը երկրորդ պարտութեան մը պարագային (այլ առիթով կ’արժէ անդրադառնալ անոր դառն հետեւանքներու մասին): Որքա՞ն իրաւացի կամ իրապաշտ են մեր ակնկալութիւնները Եւրոպական Խորհուրդի դատարանէն (այդքան ալ պէտք չէ խանդավառուիլ այդ դատարանով), եւ ինչպէ՞ս այդ դատարանը պիտի կարենայ իրմէ մեր ակնկալած որոշումը պարտադրել Թուրքիոյ նման բռնատիրական կառավարութեան մը, որ ամէն օր կը խախտէ մարդկային խօսքի եւ կեանքի ազատութեան բոլոր չափանիշերը: «Նաթոյի» երես առած այս պետութիւնը պիտի ընկրկի՞, թէ՝ աւելի պիտի կարծրացնէ իր կեցուածքը մեր արդար պահանջատիրութեան նկատմամբ:
Կիպրոս կղզին, 1 Մայիս 2004 թուականին դարձաւ մէկ անդամը Եւրոպական Խորհուրդին: Որպէս հետեւանք, կիպրացի յոյն քաղաքացիներ, օգտուելով իրենց երկրի քաղաքական նոր պայմաններէն, անմիջապէս բողոք ներկայացուցին Եւրոպական դատարանին՝ խափանելու համար հիւսիսային Կիպրոսի մէջ գտնուող իրենց սեփական կալուածները ապօրէն կերպով անգլիացի արկածախնդիրներուն ծախելու՝ թուրքերու փորձերը, եւ պէտք է ըսել որ շատեր յաջողեցան: Թարմացնելու համար ընթերցողներուն յիշողութիւնը, յայտնենք թէ 1974 թուկանին, երկրորդ անգամ ըլլալով, Թուրքիա ներխուժելով գրաւած էր Կիպրոսի հիւսիսային շրջանը, որ կը ներկայացնէ կղզիի տարածքին մէկ երրորդը, եւ որուն մէջ կ’իյնայ, դժբախտաբար, մեր ազգապատկան Ս. Մակարայ Վանքը, իր տաս հազար արտավար (թրք.՝ dönum – «տէօնիւմ») ընդարձակ մշակելի հողամասով:((Ծանօթ. Մէկ «տէօնիւմ»ը հաւասար է 940 քառ. մեթրի, կամ մօտ 1/4 «էյքըր»ի (acre)(New Redhouse Turkish-English Dictionary):))
Հիմա հարց տանք մեր հոգեւոր ղեկավարութեան, թէ մենք ինչո՞ւ նման քայլի մը չդիմեցինք՝ պահանջելու Ս. Մակարայ վանքը, որ բռնաբարուած եւ պղծուած է բառին ամբողջական իմաստով թուրք հրոսակներու կողմէ: Պահանջատիրութեան մէջ նախընտրութիւննե՞ր կան, թէ՝ Մակարայ Վանքը այդքան ալ կարեւոր կալուած մը չէ, որուն անծայրածիր մէկ մասը կը հասնի մինչեւ Միջերկրական ծով: Չափազանցած ալ չենք ըլլար եթէ ըսենք որ տաս հատ Սիսի Կաթողիկոսութիւն կրնայ տեղաւորուիլ այդ հսկայ կալուածին վրայ:
Մեր նպատակը թերագնահատումներ կատարել չէ, ընհակառակը՝ ախտաճանաչումներու կողքին արդար լուծումներ առաջարկել է: Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ մեզի կը պակսին հաւաքական մտածողութեան բոլոր երաշխիքները: Ամէն ինչ կը փորձենք անհատական ջանքերով իրագործել, առանց անդրադառնալու որ մեր մտածողութեամբ եւ աշխատաոճով դատապարտուած ենք ձախողութեան:
Աւանդական մեր քաղաքական միտքը պարպուած եւ սնանկացած է ներքին տարակարծութիւններով: Մարդիկ աւելի շահադիտական նպատակներով մօտեցած են մեր կառոյցներուն, կոխկռտելով ամէն տեսակի հաւաքական ազգային շահեր: Դժբախտաբար տակաւին չենք տեսներ այս պառակտեալ վիճակէն դուրս գալու ցանկութիւն ո՛չ աւանդական կուսակցութիւններուն եւ ո՛չ ալ մեր այլ բարեսիրական կամ կրթական հաստատութիւններուն մօտ: Անբնական այս վիճակէն դուրս գալու մտահոգութիւն չենք տեսներ ո՛չ հայրենի պետութեան մօտ եւ ո՛չ ալ սփիւռքի «ղեկավարութեան» մօտ:
Որեւէ կազմակերպութեան մը օրինականութիւնը իր անդամակցութենէն կու գայ, ըլլայ ան քաղաքական-ազգային եւ կամ եկեղեցական կազմակերպութիւն: Այս կազմակերպութիւններու մէջ հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան բացակայութիւնը միայն կրնայ միամիտները ոգեւորել. հետեւաբար մեր ունեցած հնարաւորութիւնները լաւագոյնս արժեւորելու համար պարտաւոր ենք ծրագիրներ մշակել հաւաքական մտածողութեամբ, ներգրաւելով երիտասարդ արհեստավարժ եւ մասնագիտացած նոր սերունդը:
Այս դժբախտ կացութեան մէջ իր տխուր դերը ունի նաեւ ամուլ մտաւորականութիւնը, որ լուսանցքի վրայ կեցած՝ անտարբերութեամբ կը դիտէ այս բոլորը. ոմանք իրենց կուսակցական շահերէն, ուրիշներ ալ իրենց անհատական շահերէն մեկնելով կը մնան դուրս հաւաքական աշխատանքէն որ արքասիքն է հաւաքական մտածողութեան:
Պատրաստ են՞ք ազգովին հարցեր լուծելու…:
Ծանօթ. Մէկ «տէօնիւմ»ը հաւասար է 940 քառ. մեթրի, կամ մօտ 1/4 «էյքըր»ի (acre)(New Redhouse Turkish-English Dictionary):