Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:
Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ: Ինքնախաբէութեամբ չպարուրուինք. Հայ Եկեղեցին գահավիժումի մէջ է անկասկած: Իրաւունք չունինք այսուհետեւ իրականութիւնները դիտելու մեր մատներու արանքէն: անհրաժեշտ է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցին փրկելու համար:
Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին միասնութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո՛չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի տարածքին մէջ գործող մեր այսօրուան «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը:
Վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ ներքին միասնութիւնը անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձառութիւնները որոնց մասին ընվզումով կ’անդրադառնայ Պոստոնէն լոյս տենող «Պայքար» ելեկտրոնային թերթի խմբագրականը՝ «Երբ եկեղեցական կեանքը պառակտուած է» (Գարեգին Բ. Կթղ.) խորագրով (12 Նոյեմբեր 2017): Այս խօսքերը լսեցինք երբ Գարեգին Բ. հովուպետական այցելութեամբ, աւելի յարմար պիտի ըլլար անշուշտ ըսել՝ «դրամահաւաքի առաքելութեամբ» վերջերս այցելեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափը:
Պայքարի խմբագրականին համաձայն, հովուապետին այցը ստեղծած է ոգեւորութիւն, ինչ որ երբեք չի համապատսխաներ իրականութեան: Ընդհակառակն՝ այցելութիւնը վերածուեցաւ ցաւալի զգացումներու եւ պոռթկումներու ինչպէս նաեւ ժողովրդային ցոյցերու դրսեւորման զօրաւոր ալիքի մը, որ նսեմացուց հայրապետին այցը եւ անգամ մը եւս Եկեղեցին վարկաբեկուեցաւ: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը մօտեցնել Եկեղեցիին՝ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքներով, եւ զայն վերադարձնել ժողովուրդին, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է: Հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց ըլլալու հանգամանքին ինչպէս նաեւ անբասիր եկեղեցականներու բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրած են ազգային ահաւոր ուծացումի առաջ:
«Պայքար» թերթի խմբագրականին հետեւեալ տողերը մեզ կը զարմացնեն. «Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր վերոյիշեալ պատգամին մէջ – «Լիայոյս ենք, որ մեր հոգեւոր եղբօր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ պիտի կարողանանք յաղթահարել այս կացութիւնը եւ նոր էջ բացել մեր սուրբ եկեղեցու նորագոյն պատմութեան մէջ», – դեռ տարտամ յոյս մըն ալ կը սնուցանէ եկեղեցւոյ հաւանական միացման հեռանկարին մասին»: Որքա՛ն հակասական են Ամենայն Հայոց Հայրապետին վերջին լօզունգները, որոնք ամբողջովին հակառակ են իր հետեւեալ արտայայտութեան. «Ես կը յարգեմ Կիլիկիոյ պատմական Աթոռը, բայց Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կ’ընդունիմ որպէս սոսկ հոգեւորական»: Այս խօսքերը արտասանողը ի՞նչ հեռանկար կամ ցանկութիւն կրնայ ունենալ եկեղեցւոյ ներքին միասնութեան մասին:
Քաջութիւն եւ վեհանձնութիւն պէտք է ունենալ բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու: Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են որ, եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել այս նիւթի մասին: Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ, վիճակ մը՝ որուն կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:
Խմբագիրը կը հաւատայ թէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին ողջունելի լաւատեսութիւնը հիմնաւորուած է եղեր Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ հայրապետական գահին բաձրանալէ ետք կատարած շինծու եւ անստուգելի յայտարարութեան վրայ. «Ես ալ մասնակցած եմ Էջմիածնի դէմ պայքարին, որովհետեւ ան կը գտնուէր սովետի լուծին տակ. հիմա, որ սովետը չկայ՝ ի՞նչ իմաստ ունի դեռ այս պայքարը»: Ընթերցողը կրնա՞յ հաւատալ այսպիսի յայտարարութեան: Այդ մասին ո՛չ մէկ ականջալուր վկայութիւն նոյնիսկ Ս. Էջմիածնի միաբաններու կողմէ, եւ մենք որ զինք մօտէն ճանչցած եւ ապրած ենք 18 տարիներ միասին, լսած եւ կարդացած ենք իր թունաւոր խօսքերը հանդէպ Ս. Էջմիածնի եւ անոր գահակալին, չենք կրնար դոյզն չափով երեւակայել որ ան յետս պիտի կոչէր իր բոլոր ըսածներն ու գրածները, որքան ալ որ փառասիրութենէ կը տառապէր:
Անկասկած որ ճշմարիտ են խմբագրականին հետեւեալ տողերը. «Եթէ սովետը բաժին մը ունէր այդ պառակտումին յառաջացման մէջ, նոյնքան եւ աւելի բաժին ունէին այն ոյժերը, որոք իրենց քաղաքական պայքարը փոխադրեցին – աւելի փոխադրել տուին հայանուն մարդոց – մեր եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ»: Այս խոստովանանքը ինքնին մեծ վկայութիւն մըն է որ խմբագրականին ետին կանգնող մեր Ռամկավար եղբայրները կը գիտակցին ճշմարիտ իրողութեան, որովհետեւ նոյնքան ալ իրենք յանցաւոր են քաղաքական եւ անհատական հաշիւներ ունենալու իրենց այս ահաւոր պայքարին մէջ: Այդ տխուր քաղաքական հաշիւներուն մէջ ինկան կամք ու կորով, նուիրում եւ տեսիլք չունեցող եկեղեցականներ, որոնց մեծ մասը այսօր իրենց յաւիտենական նինջին մէջ են: Խորհ.Միութեան փլուզումէն ետք ալ Եկեղեցին չդարձաւ իր ժողովուրդի համազգային խղճին ձայնը:
Միայն սովետը պէտք չէ մեղադրել: Բացէք պատմութեան էջերը եւ տեսէք թէ ի՞նչ վիճակի մէջ էին մեր Նուիրապետական Աթոռները՝ Ս. Էջմիածին, Կիլիկիա, Աղթամար, Երուսաղէմ, Կ. Պոլիս, եւ անհաշիւ հակաթոռներ, որոնցմէ ամենէն յայտնի «հերոսը» եղաւ Եղիազար Այթապցին, որ ի վերջոյ բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռին, Յակոբ Ջուղայեցիէն ետք: Իսկ վերջին գլուխ գործոցը՝ Գէորգ Դ. Քէրէստէճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յայտարարութիւնն էր ընդդէմ Կիլիկիոյ Աթոռին, որպէս «հակաթոռ, ընդվզեալ եւ հեստեալ» անուանարկումներով:
Հետեւաբար նորութիւնններ չեն մեր եկեղեցական կեանքէն ներս ստեղծուած անախորժ, անիմաստ մրցակցութեանց պատմութիւնները, որոնք մեր Եկեղեցին տկարացուցին պատմութեան ընթացքին:
Ատարակոյս որ Եկեղեցւոյ պառակտումը ոյժերու եւ միջոցներու անմիտ եւ անիմաստ վատնում է մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ սփիւռքի ամբողջ տառածքին ուր հայութեան մեծամասնութիւնը կ’ապրի: Պառակտեալ կողմերը իրենց անվերջանալի պայքարներով ուժաքամ ըրած են ազգին հաւաքական կամքը: Եկեղեցական տագնապը խորացած եւ արմատացած վէրք մըն է այսօր, զոր անտեսելով կարելի չէ միացնել ազգը, եւ ո՛չ ալ զիրար մեղադրելով կրնանք դարման մը գտնել: Բայց տարակարծիք ենք վերեւ յիշուած խմբագրականի ա՛յն յատարարութեան հետ, թէ «հոն, ուր Էջմիածինը պատմականօրէն թեմ մը ունի, մրցակից նոր թեմ մը կը բանայ Անթիլիասը (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը): …Այն աշխարհամասը, ուր կ’այցելէ Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ կրկնակոխ անոր կը հետեւի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետը, կամ կը կանխէ զայն»: Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել` թէ Ս. Էջմիածինը ի’նչ գործ ունի Դամասկոսի մէջ… Կը կարծենք թէ ճշդում մը ընել անհրաժեշտ է այստեղ: Թեմերու հարցը միայն եկեղեցական խնդիր չէ. թեմական իշխանութիւններ, ընտրուած՝ –աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ նշանակուած՝– որոշ մարմիններու կողմէ, կ’որոշեն իրենց գաղութին ճակատագիրը. ո՛չ առաջնորդը եւ ո՛չ ալ կաթողիկոսը կրնան մերժել ժողովրդավարական կարգը մեր եկեղեցւոյ:
Սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ, Եկեղեցին ունի մեծագոյն ոյժը համախմբելու հայութիւնը իր շուրջ: Չկայ ուրիշ հաստատութիւն մը որ կրնայ այդ դերը կատարել, նամանաւանդ չէզոքացնելով մեր քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի բոլոր տարակարծութիւնները: Դժբախտաբար սփիւռքի մէջ փշրուած եւ խորտակուած են երբեմնի համազգային լուրջ հեղինակութիւնները, տեղի տալով մասնակի հեղինակութիւններու, որոնք յաջողած են պառակտեալ պահել զանգուածները իրենց կուսակցական, միութենական եւ անհատական շահերուն համար:
Հետեւաբար բոլոր ժամանակներէ աւելի ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք, իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակները պարարտացնելու սնանկ հոգեբանութեամբ, կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրերը: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:
Ամենատխուր իրողութիւնը ա՛յն է, որ մեր վերջին երկու Եպիսկոպոսական Ժողովներն ալ իրենց օրակարգին վրայ չունեցան Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը կը կարծուի ըլլալ թեմերու «բաժանումը», մինչդեռ՝ թեմական հարցերը խոր արմատներ ունին մեր պատմութեան մէջ, նամանաւանդ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց տակ: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք միութեան գաղափարին, այդ պարագային պարտաւոր էինք որոնել ճամբաներ վերջ տալու համար մեր բոլոր տարակարծութիւններուն:
Անգամ եւս կը ներկայացնենք մեր առաջադրութիւնները, որոնց մասին լրջօրէն մտածելու ենք ազգովին.-
1.- Հայրապետական տիտղոսներու յստակեցում եւ մրցակցութեան դադարեցում – որուն վերջին «փայլուն» օրինակը տեսանք Վատիկանի մէջ ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին, ուր մեր երկու կաթողիկոսները իրենց «իշխանական-աւատապետական» բեհեզեայ զգեստներով եւ արծիւներով փոքր երեւցան պարզ եւ համեստօրէն հագուած ու միայն խաչ մը շալկած կաթողիկէ աշխարհի քահանայապետին մօտ: Ամէն ինչ փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ:
2.-Թեմերու վերատեսութիւն, վերարժեւորում եւ, եթէ հարկ է վերաբաշխում, միշտ գաղութներու իրաւունքներն ու պահանջները նկատի ունենալով, առանց սահմանադրական կարգերը խանգարելու:
3.-Պատրիարքական Աթոռներու ինքնավարման ամբողջական ճանաչում: Պատրիարքական Աթոռներու միաբանութեանց կողմէ ընտրուած՝ եպիսկոպոսանալու արժանի թեկնածուներ կրնան նաեւ ձեռնադրուիլ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն կողմէ: Ասիկա ո՛չ մէկ կերպով կը նսեմացնէ Էջմիածնի նախամեծարութիւնը ի հոգեւորս:
4.- Սփիւռքի բոլոր թեմերուն համար հոգեւոր ծառայութեան թեկնածուներ ապահովել ըստ հարկի բոլոր նուիրապետական աթոռներէն, առանց խտրութեան, նկատի ունենալով միայն տուեալ հոգեւորականին արժանիքներն ու պատրաստութիւնը: Չմոռնանք յիշեցնելու, թէ Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, Էջմիածնի սփիւռքեան թեմերու մէջ առաջնորդական կամ հովուական պաշտօններ վարեցին՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ:
5.- Առաջնորդներու ընտրութիւնը ձգուի գաղութին, եւ չպարտադրել թեկնածուներ որոնք չունին պատրաստութիւնը ստանձնելու նման կարեւոր պաշտօններ: Մերժումի պարագային, կաթողիկոսը պարտաւոր է տրամաբանական հիմնաւորում տալ:
6.- Իրենց ընտրութեան մէջ ազատ թողուլ միաբաններ, որոնք կը փափաքին ծառայել ա՛յլ նուիրապետական աթոռէ ներս, առանց խախտելու կարգ ու կանոնը, կաթողիկոսական/պատրիարքական աթոռներու գահակալներու փոխադարձ հաւանութեամբ, եթէ կը հաւատանք որ եկեղեցին մէկ է:
7.- Ազատ կամքի ըմբռնողութենէն մեկնելով, չկարգալուծել միաբաններ որոնք կ’երթան եւ կը միանան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, եւ նոյն հասկացողութեամբ գրկաբաց ընդունիլ բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին Հայց. Եկեղեցւոյ միանալ: Քրիստոսի եկեղեցին մէկ է: Չմոռնանք Հայց. Եկեղեցւոյ տիտաններէն Օրմանեան Պատրիարքի օրինակը:
8.- Կրօնական դատաստանական խորհուրդ մը ստեղծել, աշխարհական իրաւաբաններով հանդերձ, որ պիտի զբաղի եկեղեցականներու հարցերով եւ չթողուլ որ կաթողիկոսներ առանձինն կամայական վճիռ արձակեն եւ պարտադրեն իրենց կամքը, այլ միայն վաւերացնեն դատական մարմնի որոշումը: Խօսքս Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի մասին չէ, որ ընտրուած չէ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, այլ որոշուած է կաթողիկոսին կողմէ՝ իր կամքը կատարելու եւ պարտադրելու համար անմեղ զոհերու վրայ:
9.- Ինչպէս յիշատակուած է 11 Դեկտեմբեր 1991-ի եւ 21 Սեպտեմբեր 1995-ի կանոնադրութեանց նախաշաւիղներուն մէջ, չխոչընդոտել ու չկապտել իրաւունքը թեմական առաջնորդներուն իրենց թեմերէն ներս կուսակրօն կամ ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրելու:
Ահաւասիկ անլոյծ մնացած մարտահրաւէրներ մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացող: Պիտի կրնա՞նք քաջութիւնը ունենալ հաւաքուելու կլոր սեղանի շուրջ եւ լուծելու մեր տարակարծութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր մեզ բաժանեալ պահեցին: Եկեղեցւոյ պառակտեալ վիճակին առնչութեամբ անկասկած որ պատասխանատուութեան բաժին ունին նաեւ այսօրուան հայրենի իշխանութիւնները իրենց անտարբերութեամբ – չըսելու համար թէ իրենց հաշւոյն կու գայ այս տխուր վիճակը ի՜նչ-ի՜նչ հաշիւներով: Եւ սակայն մեծագոյն պատասխանատուութեան բաժինը կ’իյնայ եկեղեցական իշխանաւորներուն վրայ, որոնք իրենց փառասիրութենէն գինովցած՝ ազգը պառակտեցին: Ահաւասիկ բարոյական այս փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքներուն բերումով՝ եկեղեցականներ (կաթողիկոսէն մինչեւ խոնարհագոյն վարդապետը) կը զբաղին «բիզնէս»ներով:
Եւ այս բոլորը կը պատահին որովհետեւ միասնական ջանքերով չմշակեցինք կանոնագրութիւն մը․ – Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդան մը որ կը կոչուի ՕՐԷՆՔ: Պարտաւոր ենք ազգովին ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահել, եւ մասնաւորաբար սանձել բարձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ անոնք մնան իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Աշխարհի մէջ չկայ բնականոն հաստատութիւն մը որ կը գործէ առանց օրէնքի: Չկայ անձ մը որ օրէնքէ վեր կրնայ ըլլալ: Եթէ այսօր կը տառապինք օրինազանցութիւններէ, այն պատճառով է որ դադրած ենք այլեւս հաւատալէ թէ Հայ Եկեղեցին տակաւին ընելիքներ ունի իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ: