Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի Հոկտեմբեր 3թ. համարին մէջ կը կարդանք որ Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Հալէպի կացութեան: Անմիջապէս հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ. արդեօք իրա՞ւ է յատարարութիւնը, թէ՝ աչքափոշի կը ցանէք հասարակութիւնը խաբելու համար: Տաս հազար մղոն հեռու, Խաղաղականի այս ափերը դրամահաւաքի եկած կաթողիկոսին համար – հարց է նաեւ իմանալ, թէ որո՞ւ համար են հաւաքուած գումարները, նամանաւանդ երբ հաշուետուութիւն եւ թափանցիկութիւն երբեք չկայ մեր գործունէութեանց մէջ – կարելի՞ է հաւատալ որ միայն դրամահաւաքն է այս շրջապտոյտին նպատակը, թէ՝ իսկական նպատակը իր գահակալութեան քսանամեակի տօնախմբութիւնն է, որ սկսաւ Լիբանանէն, գնաց Արաբական ծոցի երկիրներ ու հասաւ Հիւսիսային Ամերիկա, իր արեւելեան ու արեւմտեան ափերով, անհատի պաշտամունքը նուիրագործելու համար: Չմոռնանք նաեւ յիշեցնելու, որ այս «անհատի պաշտամունքի հանդիսութիւնները» պիտի շարունակուին նաեւ Գանատայի մէջ:
Ո՞ւր մնաց «կաթողիկոսը մօտէն կը հետեւի Հալէպի կացութեան» յայտարարութիւնը: Հեռաձայնային խօսակցութի՞ւնն է արդեօք այդ կապը, կամ ցաւակցական արտայայտութեան փոխանցո՞ւմը: Ո՞վ պիտի ամոքէ սրտամորմոք վիշտը հրթիռներու պատճառով զոհուած հայորդիներու հարազատներուն: Վերջին օրերս Հալէպ դարձեալ թատերաբեմ դարձած է օտար երկիրներու եւ կրօնական-յարանուանական ոսոխներու քաղաքական «հրավառութեանց»: Մարդկային կեանքը կորսնցուցած է իր իմաստն ու արժէքը եւ վերածուած է ամէն իմաստէ պարպուած կենսաբանական գոյացութեան մը:
Ահազանգային վիճակ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ: Օր ըստ օրէ կը սաստկանայ պատերազմը եւ տակաւին մօտալուտ խաղաղութեան նշոյլ մը չկայ: Ընդհակառակն՝ ահազանգային վիճակը կը վերածուի անդարմանելի քաոսային վիճակի, եւ այս բոլորին դիմաց՝ անկարողութեան պատճառով դասալքուած մեր ղեկավարները–աշխարհակա՛ն թէ եկեղեցական- ոչինչ կրնան ընել, նամանաւանդ երբ յստակ ծրագիր մը չորդեգրեցին սուրիահայութիւնը ֆիզիքապէս ապահովելու համար:
Երբ դանակը ոսկորին հասած է, կը փորձենք հապճեպ լուծումներ առաջարկել, որոնք իրագործելի ըլլալու համար նախօրօք պէտք էր ծրագրուած ըլլային. հալէպահայութիւնը պահե՞լ թէ փոխադրել Հայաստան, Լիբանան կամ այլ երկիրներ: Քանի այս բոլորը չէին նախածրագրուած, այսուհետեւ անհեթեթ է վերջին ժամուն լուծումներ առաջարկել՝ երբ վտանգուած է հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը, երբ կրնանք կորսնցնել ամէն ինչ որ կերտեցինք վերջին հարիւրամեակին:
Հայ եւ օտար մամուլի էջերուն մէջ կը տեսնենք սրտաճմլիկ տեսարաններ՝ փլատակներ, քարուքանդ շէնքեր, տուներ, փողոցներ եւ եկեղեցիներ որոնք, կը ցնցեն համայն մարդկութեան խիղճը, նամանաւանդ ամբողջ հայութեան հոգեկան աշխարհը, եւ սակայն ի տես այս բոլորին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կը շրջագայի հիւսիսային Ամերիկայի իր թեմերը, իր գահակալութեան քսանամեակը տօնելու…: Հարց կու տամ այստեղ. ի՞նչ խիղճով:
Սուրիահայութւինը իր բախտին ձգուած է այսօր: Դրամահաւաքները յոյժ գնահատելի են բայց հիմնական լուծումներ չեն, երբ հարցը սուրիահայ գաղութի ֆիզիքական գոյութեան կը վերաբերի: Սփիւռքահայ ղեկավարութիւնը, աշխարհական թէ եկեղեցական, ցոյց տուաւ անգամ մը եւս իր բաժանուած վիճակը եւ միասնական ոյժերով չկրցաւ ծրագիր մը մշակել սուրիահայութիւնը ապահով վայրի մէջ պահելու, որպէսզի աշխարհագրական առումով չհեռանայ Արեւմտահայասատանէն, այլ յարմար ժամանակին կրկին վերադառնայ իր երկրորդ հայրենիքը՝ Սուրիա, եւ հոն մնայ որպէս պահանջատէր մեր արդար դատին՝ մինչեւ հատուցում:
Նոյնքան տխուր է վկայել, թէ Հայաստանի կառավարութիւնն ալ յստակ ծրագիր մը չունի սուրիահայութեան համար: Եւ ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ, երբ հայրենիքը ի՛նք տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու եւ տագնապներու մէջ է, երբ մեր հայրենիքի եղբայրներն ու քոյրերը կ’արտագաղթեն բարօր կեանք մը գտնելու համար օտարութեան մէջ: Երբ հայրենի պետութիւնը ի վիճակի չէ՛ իր տունը կարգի դնելու՝ ինչպէ՞ս կրնայ նոր հիւրեր ընդունիլ մշտական կեցութեան համար:
Նոյնքան անհասկնալի է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի յայտարարութիւնը, թէ վիճակը հանդարտ է եւ հալէպահայութեան մօտ խուճապային վիճակ չկայ, ու կը թելադրէ «այստեղէն-այնտեղէն լսուած խօսքերուն չհաւատալ»: Պարո՛ն Ռէյիսեան, «այստեղէն-այնտեղէն» չեն մեր քաղած լուրերը, այլ մեր անմիջական ընտանիքներէն, հարազատներէն եւ բարեկամներէն: Ինքնախաբէութիւն է ըսել՝ խուճապային վիճակ չկայ, երբ մեր տուները քարուքանդ եղած են (մերն ալ միասին), երբ ցուրտ հողին կը յանձնենք մեր անմեղ մանուկներն ու քաջասիրտ երիտասարդները: Կը փորձենք հասկնալ ձեր յայտարարութիւնը, բայց միւս կողմէ ալ դանակը հասած է ոսկորին, որովհետեւ չպատրաստեցինք յստակ ծրագիներ միասնական ճիգերով, սուրիահայութեան գոյութիւնը պահպանելու:
Կրնա՞յ ըլլալ որ «ՀԱԼԷՊ» բարեսիրական կազմակերպութեան կոչը կեղծ է, երբ ան նիւթական օգնութիւն կը խնդրէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի բարերարներէն, որպէսզի հալէպահայութիւնը Հայաստան փոխադրէ: Կազմակերպութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ արդէն կ’ըսուի որ 600 նամակ ստացած են Հայաստան տեղափոխուելու խնդրանքով…: Քնացա՞ծ են մեր ղեկավարները, թէ՝ դասլքուած: Ո՞ւր է հայութեան խիղճը. բան մը չսորվեցանք Լիբանանի քսանամեայ քաղաքական կռիւներէն եւ պատերազմէն: Կորսնցուցինք լիբանանահայութիւնը որ այսօր կը փորձէ իր գոյութիւնը պահպանել հազիւ 30 հազարի հասնող իր թիւով: Ո՞ւր մնաց երբեմնի 250 հազարնոց եռուն գաղութը…:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բոլոր կազմակերպութիւններէն աւելի պարտաւորութիւն ունի իր ժողովուրդին տէր կանգնելու, սակայն ո՛չ՝ լսողի եւ դիտողի դերով, այլ գործնական իրատես մօտեցումով: Դադրեցնենք մեր դատարկ ճառախօսութիւնները, դուրս գանք ճակատաբաց եւ անմիջապէս լծուինք գործի: Հալէպը միջնաբերդն է հայութեան: Եթէ կորսնցնենք զայն՝ մեծագոյն հարուածը տուած կ’ըլլանք մեր արդար դատին եւ պատմութեան առջեւ բոլորս ալ յանցաւոր պիտի նկատուինք: