ՄԻ քանի օրեր առաջ իրաւաբանական գործերուս բերումով կը գտնուէի Կլէնտէյլի դատարանի գրասենեակներէն մէկուն մէջ, ուր դէմ յանդիման եկայ վերը երեւցող ցուցատախտակին: Պարտաւոր էի սպասել որպէսզի դատարանի պաշտօնեան ինծի փոխանցէր յատուկ դատական թղթածրար մը: Մինչ այդ սակայն, հակառակ սենեակի զովութեան, սկսայ քրտնիլ եւ ահաւոր փոթորիկ մը կուտակուեցաւ մէջս: Ո՞վ կատարած է այս ոճիրը, հարց կու տայի ինզինքիս: Այս հայահոծ գաղութին մէջ ինչպէ՞ս կրնայ նման ողբերգութուն մը դրսեւորուիլ:
Ակներեւ է եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ հայոց լեզուն կը նահանջէ, որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեր բծախնդրութիւնը հայ լեզուի նկատմամբ: Չի՛ բաւեր որ խօսակցական լեզուն դարձած է խառնարան մը, ըլլայ ընտանեկան եւ կամ դպրոցական յարկերէն ներս, այժմ գրաւոր հայերէնն ալ դարձաւ ուրիշ ողբերգութիւն մը, որուն ակներեւ օրինակները կը տեսնենք մեր նօսրացող մամուլին մէջ նոյնիսկ: Այսուհետեւ ո՛չ արեւմտահայերէնը եւ ո՛չ ալ արեւելահայերէնը հպարտութեան ազդակներ են հանապազօրեայ:
Այնպէս կը թուի որ լաւատես ըլլալու իրաւունք չունինք, որովհետեւ ո՛չ հայրենի պետութիւնը եւ ո՛չ ալ սփիւռքի բանիմաց եւ նախանձախնդիր ղեկավարութիւնը մտահոգուած են այս հարցով: Հայաստանի՝ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած համաժողովները բարի կամեցողութենէն անդին որքանո՞վ գործնական քայլեր կ’առնեն աբեղեանական խեղագրութիւնը ջնջելու, ալ ո՛ւր մնաց որ խօսինք արեւմտահայերէնի մասին իրենց ունեցած մտահոգութիւններու եւ ծրագիրներու մասին – արեւմտահայ ուսուցիչներու պատրաստութիւն Հայաստանի մէջ…:
Յաճախ կը կրկնենք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը:
Ցաւալի իրողութիւն է որ նամանաւանդ հայրենիքէն դուրս մեր ժողովուրդը նորաձեւութեան երկրպագու ըլլալով հայերէնը կը նկատէ երկրորդական լեզու: Գաղթականի մեր հոգեբանութիւնը մղած է մեզ հաւատալու որ եթէ չկարենանք տիրապետել մեր ապրած երկիրներու լեզուին՝ չենք կրնար յաջողիլ կեանքի մէջ: Ահաւասիկ այս սխալ հասկացողութիւնը պատճառ դարձած է որ նոր սերունդը տակաւ առ տակաւ հեռանայ իր մայրենի լեզուէն, ինքզինք դատապարտելով մշակութային անկման եւ կորստեան:
Հայրենիքէն ներս ալ արեւելահայերէնը ո՛չ միայն կորսնցուցած է իր երբեմնի փայլքն ու հմայքը, այլեւ դարձած է այլանդակութիւն մը օտարամուտ բառերու կուտակումով եւ փոխ առնուած շարահիւսութիւններով, որոնք կը բթացնեն մեր հազարամեայ մեսրոպաշունչ ոսկեղինիկ հարուստ լեզուն:
Այս տխուր իրողութեան պատճառներէն մէկը մեր ներազգային պայքարներն են, որոնք ջլատած են մեր ոյժերը: Միասնականութեան թերացումին գլխաւոր պատճառներէն պէտք է նկատել Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պայքարները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ այսօր մեր անհանդուրժողութեամբ եւ մերժողական հոգեբանութեամբ:
Նոյնքան եւ առաւել եւս մտահոգիչ եւ ազգակործան են մեր քաղաքական, միջ-կուսակցական պայքարները, որոնք տխուր անդրադարձը ունեցած են եւ ունին տակաւին մեր սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ հայկական վարժարաններէն ներս, ուր չկրցանք արմատաւորել եւ շեշտել մշակոյթով մէկութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը:
Այս դժբախտ կացութեան քաջատեղեակ ըլլալէ ետք ինչպէ՞ս մտածել ապագայի մասին, նամանաւանդ երազային Արեւմտահայաստանի մասին, ուր կ’ապրին մեր թրքացած եւ քրտացած եղբայրները, որոնք անհամբեր կը սպասեն մեր օգնութեան: Եթէ լեզուն չէ որ մեզ պիտի միաւորէ, հապա ի՞նչն է որ մեզ իրարու պիտի շաղկապէ: Ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան անոնք իրենց պապենական հազարամեայ մշակոյթին՝ առանց լեզուի, այլ խօսքով՝ եթէ հայերէն չգրեն ու չխօսին:
Դժբախտաբար կը փորձենք ուրանալ ա՛յն իրողութիւնը, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին տապալած ենք մեր էութեան մէջ հայութեան ինքնութեան գերագոյն զէնքը՝ մայրենի լեզուն, որուն բացակայութիւնը կը մաշեցնէ եւ կը յանձնէ մեզ բախտի յորձանուտի քմայքին:
Ինչպէ՞ս մոռնալ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ խլեակ դարձած մեր մայրերուն անխորտակելի կամքը, որոնք իրենց թշուառութեան մէջ, պապակած շրթներով, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ գրեցին եւ արտասանեցին մեսրոպաշունչ այբուբենի տառերը, որպէսզի եաթաղանէն ազատուած իրենց երախաները չմոռնան մայրենի լեզուն:
Անտարակուսելի է եւ ճիշդ է այն իրողութիւնը, որ կը պայքարինք հոսանքն ի վեր, որովհետեւ նոր սերունդին համար ամենէն գործնական լեզուն անգլերէնն է, սակայն եւ այնպէս հաւաքական մեր կեանքին մէջ զգալի է մեծամասնութեան անտարբերութիւնը եւ նախաձեռնութեան բացակայութիւնը, որուն կարեւոր ցուցանիշներէն մէկն ալ վերեւ յիշատակուած ցուցատախտակն է: Եթէ այս հայահոծ գաղութը իր կազմակերպութիւններով եւ եկեղեցիներով բծախնդրութիւնը ունենար հայ լեզուի նկատմամբ, նման «ոճիրներու» դէմ յանդիման պիտի չգտնուէինք, ո՛չ դատարանի մէջ, եւ ո՛չ ալ մեծ մասով հայ հիւանդներով լեցուն հիւանդանոցներու մէջ, ուր բռնաբարուած է հայոց լեզուն:
Մեր առջեւ պարզուած այս տխուր իրականութիւնը մեծագոյն ազդարարութիւնը պէտք է ըլայ արթնութեան եւ զգաստութեան: Հայ լեզուի նկատմամբ մեր անտարբերութիւնը կրնայ նաեւ խորտակել մեր ազգային ոգին, եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք որ ժամանակի ընթացքին պիտի զգանք եւ ճաշակենք անոր աւերիչ եւ դառն հետեւանքները: