Ոսկան Մխիթարեանը հասցէիս առաքած էր 26 Մայիս 2017-ին ստորագրած Ձեր «Ֆրանչիսկոս հոգեւորականի հասարակական դիմագիծը» խորագիրը կրող յօդուածը։
Ինչպէս Ձեր շահեկան նախորդ գրութիւնները՝ առկան ալ ըմբոշխնեցի հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ։ Աստուածաբանութեան գլխապտոյտ պատճառող կատարներ նուաճելէ եւ դարերու վրայ վարդապետական կարծր դրոյթներ սահմանելէ ետք, Կաթողիկէ Եկեղեցին պէտք ունէր մարդոց սրտին եւ ջերմեռանդ զգացումներուն մօտէն խօսող հօր մը կերպարին, որ կարենար իր գոգը վերադարձնել այն բոլոր «վաստակեալներն ու բեռնաւորուածները», որոնք ծայր աստիճան վհատած եկեղեցիի խնկաբոյր կամարներէն ներս սպրդած բազմազան գայթակղութիւններէն՝ տարուէ տարի անհամեմատելի թիւերով բռնած էին հեռացումի ճամբան։
Պէտք էր առաջքն առնել այս զարգացումին. հարկ էր կասեցնել զայն՝ եկեղեցիին համար աննախատեսելի, թերեւս նաեւ վտանգաւոր իրավիճակ մը գոյանալէն առաջ։ Առ այս, հրամայական կարգախօսը` եկեղեցին հասարակութեան մօտեցնելն էր, փորձել զայն հեղ մը եւս դարձնել ժամանակահունչ, քաջութիւնը ունենալ՝ ընդունելու սեփական կղերին յոռի զեղծումները, պատժել օրինազանցներն ու, առնուազն, անկեղծ ներողութիւն խնդրել մանկապղծութեան ենթարկուած անոնց հին ու նոր զոհերէն։
Սակայն ո՞վ պիտի իրագործէր այս առաջադրանքը։ Անկարելի էր սոյնը ակնկալել պապէ մը, որ կրնար Ս. Պետրոսի առաքելական Աթոռին վրայ օրէ օր աւելի վարդապետական դառնալ։ Եւ, ահաւասիկ, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիրանաւորներու ժողովը իմաստութիւնն ու հեռատեսութիւնը ունեցաւ իր հեղինակաւոր եւ պատկառազդու կարդինալներուն մէջէն քահանայապետ ընտրել սրտով ամենապարզն ու խոնարհը՝ յանձին Պուէնոս Այրէսի թեմակալ առաջնորդ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ արքեպիսկոպոսին։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հինաւուրց աւանդութեան մը համաձայն՝ նորընտիր քահանայապետը կ’ընդունի նոր պատուանուն մը, որ կու գայ կերպով մը ուրուագծելու անոր հոգեւոր առաքելութեան ուղղութիւնը։ Այս առնչութեամբ՝ բոլորովին պատահական չէր, որ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ արքեպիսկոպոսը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբերու փաղանգին մէջէն, տիեզերական վարդապետներու՝ Թովմաս Աքուինացիներու, Ալբերդ կամ Գրիգոր մեծերու շարքին, սեփականացուց անունը համեստագոյն սուրբին՝ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին, անոր նման հետեւելով տիրաւանդ օրինակին՝ հասնելու համար ընկերային կեանքի լուսանցքը մղուած ծանրաբեռնուածներուն, անիրաւուածներուն, խեղճերուն, աղքատներուն, աշխարհի հզօրներուն կողմէ իրաւազրկուածներուն, փաստօրէն՝ այն լլկուածներուն, որոնք, հակառակ նիւթական ամէն տեսակ կորուստներու, իրենց տառապահիւծ հոգիին խորքը գերազանցապէս բարձր կը պահեն մարդկային արժանապատուութեան անկապտելի արժանիքը։
Ֆրանչիսկոս պապը եղաւ հաւատքին եւ կոչումին մարդը։ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին իրեն շնորհած Աթոռը չէ որ զինք բարձրացուց, այլ այդ Աթոռին քրիստոնէական ճշմարիտ առաքելութեան կատարելապէս համապատասխանելու ծառայասիրական յանձնառութիւնը իր անձին եւ գործին մէջ՝ առաւել եւս նուիրագործեց այդ Աթոռին հեղինակութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ «պապ» բառին արմատը յունարէնի «πάππα», իսկ լատիներէնի «páppa» հասկացութիւնները կը կազմեն, որ մեր մայրենիին մէջ փաղաքշական «հայրիկ» արտայայտութեան կը համապատասխանէ։
Արդարեւ, Ֆրանչիսկոս պապը դարձաւ, բառին իսկական առումով, հայր մը եկեղեցիին եւ իր հաւատացեալ ժողովուրդին համար, գորովագութ հօր մը կերպարը մարմնաւորող ճշմարիտ հեղինակութիւն մը, զոր կը բաղձար Կաթողիկէ Եկեղեցին, եւ թերեւս չափազանցած պիտի չըլլամ ըսելու՝ ընկերային-հասարակական կեանքի անարդարութիւններու, վայրագ պատերազմներու եւ կրօնական տարատեսակ ծայրայեղութիւններու մէջ խրած մարդկութիւնը։
Կաթողիկէ Եկեղեցին ունեցաւ պապեր, որոնք մարդոց դառնակոծ արցունքին դէմ կնճռոտ աստուածաբանութիւն մը՝ եկեղեցական խրթին օրէնքներու համանուագներ հանեցին, եւ իրենց բացատրութիւնը դժուարըմբռնելի մնաց ժողովուրդի պարզ մտքին, առաւել եւս անգործադրելի՝ առօրեայ կեանքին համար։ Ի տարբերութիւն ասոնց, Ֆրանչիսկոս պապը այլ ուղղութիւն մը որդեգրեց եւ իր խօսքը դարձուց անմիջական, ջերմ եւ հայրական։ Իր առաքելական գործունէութիւնը ամենէն ընկերայինը, ամենէն ժողովրդականը՝ մարդոց հետ ուղղակի աւելի զբաղողը, անոնց կեանքի ճամբան ցուցնողը, իսկ պատգամը՝ մարդկային հոգին դժբախտութեան առջեւ չկքեցնողը, այլ այդ դժբախտութեան մէջ իսկ ազնուանալու, բարձրանալու եւ երջանկանալու միջոցը գտնել տուողը եղաւ։ Զինք անխտիր սիրեցին մարդկային խիղճ եւ քիչ մըն ալ կրօնական զգացողութիւն ունեցող քրիստոնեան, տաճիկն ու հրեան, նաեւ անոնք, որոնք այլ կրօնքներ կը դաւանին, կամ ուրշներ՝ որոնք նոյնիսկ կը մերժեն զանոնք։ Պետական այրեր ակնածանքով գնահատեցին զինք, որովհետեւ ան շատերուն սրտի պապը եւ եկեղեցիին ընտանի հայրը դարձաւ։
Եկեղեցին, ամէն բանէ առաջ, հոգեկի՛ր հայրերու պէտք ունի՝ ո՛չ պապերու, ո՛չ կաթողիկոսներու եւ ոչ ալ պատրիարքներու։ Մեզի լուսատեսիլ եւ շնորհալի հայրապետեր են պէտք՝ ո՛չ թէ պաշտօնակատարներ։ Արդարեւ, օտարամուտ «կաթողիկոս» բառին փոխարէն՝ աւելի գեղեցկահունչ չէ՞ մեր մայրենիին հայրապետ բառակապակցութիւնը, որուն հիմքը՝ «հայր» հասկացութիւնը, իսկ անոր իսկական առաքելութիւնը՝ ժողովուրդին համար իսկական «հայրիկ» մը ըլլալու, բազմազանութեան մէջ միութիւն ստեղծելու, ազգին հոգեւոր աւանդն ու ինքնութիւնը պահպանելու, սրբութեան մը զգացողութիւնը առթելու եւ հոգեկան բարձր կեանքի մը երաշխիքը տալու գաղափարը կը կազմէ։
Անդրադառնալով ազատագրութեան աստուածաբանութեան, որուն հանգամանօրէն անդրադարձած էք ոչ միայն առկայ, նաեւ այլ յօդուածներու մէջ, եղո՜ւկ, որքան հեռու են մեր եկեղեցականներէն շատեր՝ իւրացնելու համար քրիստոնէական եւ ընկերային շարժումին ամբողջապէս հիմք հանդիսացող այդ գաղափարախօսութեան վեհութիւնը՝ կիրարկելի դարձնելով զայն մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։ Հազար ափսոս, որ վերջին ժամանակներուն, տարբեր շարժառիթներէ մղուած, պահպանողական ջղուտ ուղղութիւն մը որդեգրեց յատկապէս մեր արեւելեան կղերը, որ չունի իրական հենք, այլ միանգամայն արուեստական եւ քաղաքական որոշակի շրջանակներէ իրեն թելադրուած բռնազբօսիկ երեւոյթ մըն է։ Դժբախտաբար, ներկայի հեղձուցիչ եւ վտանգաւոր պայմաններուն մէջ, առ այժմ, Հայց. Առաք. Եկեղեցիէն ներս կարելի չէ բարենորոգչական կամ հոգեւոր կեանքի վերածնութեան վերաբերեալ զարգացում մը ակնկալել։
Բնականաբար, ազգի շինութեան եւ բարօրութեան գործին մէջ եկեղեցիին առաջնահերթ պարտականութիւններէն մին է համագործակցիլ նաեւ պետութեան հետ՝ «տո՛ւք զկայսերն՝ կայսեր, եւ զԱստուծոյն՝ Աստուծոյ» (Ղկ. Ի, 26) սկզբունքով։ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ խօսող խիղճը պետութեան եւ բարոյական գերազանց հեղինակութիւնը հասարակութեան։ Խարխափումներու եւ սայթաքումներու առթիւ՝ եկեղեցին պէտք է ըլլայ թելադրող, ազդարարող եւ խրատող ուսուցիչը իր պետութեան եւ ժողովուրդին։ Պետութիւնը՝ այդ ես եմ եւ դուն, մենք բոլորս միասնաբար կը կազմենք ու կը ներկայացնենք թէ՛ մեր հայրենիքը եւ թէ՛ պետութիւնը։ Բայց երբ եկեղեցւոյ եւ պետական իշխանութեան վերնախաւը մենատիրական եւ շահադիտական հասարակաց հետաքրքրութիւններով կը սերտաճի, եւ եկեղեցին կը դառնայ ընդամէնը միջոց մը օրուան իշխանութեան ընկերային, քաղաքական թէ տնտեսական նպատակներու հետապնդման, նաեւ՝ հլու կամակատարը անոր թելադրանքներուն, եւ ոչ թէ հոգեւոր հեղինակաւոր պաշտպանը ժողովուրդի ընդհանուր պահանջքներուն, այդ ժամանակ եկեղեցւոյ ցորենի բարի սերմին մէջ կ’ուռճանայ պառակտող որոմը, անոր փրկարար հացին հետ մահացու թթխմոր կը շաղուի, իսկ բանին կենաց քարոզչութեան տեղ՝ ժանգահոտ պղինձ եւ սեւաթոյր կապար կը ներարկուի սրբութեան օծումով առլցուն անոր դասէն ներս։
Հարկ չկայ երկարօրէն մանրամասնելու, թէ ի՛նչ սոսկալի նեղութիւններ եւ, իր դարաւոր գոյապայքարի ընթացքին, ծանրածանր խաչեր կրելու ստիպուած եղած է հայ ժողովուրդը։ Սակայն աղէտներու բոլոր դարերուն, նոյնիսկ Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկութեան մէջ, ան պահպանած է իր ոգեղէն եւ թանկագին գոհարը` Հայ Եկեղեցին, որուն սրբազան խորանէն ան միշտ լսած է յարութեան յաղթական պատգամը։ Պոռոտախօսութիւն մը պիտի չընեմ՝ թէ համոզուած եմ ըսելու, որ Լուսաւորչի կանթեղէն առկայծող խորախորհուրդ առաքելութեան մը սահմանուած է հայը։ Մարդկային ցեղին օրրանը ըլլալու աստուածաշնչական պատումը, դեռ շատ աւելի վաղ ժամանակներէն, կու գայ զինք մենաշնորհելու առանձնայատուկ հանգամանքով մը, որ անգամ մը եւս կ’ամրագրուի Դ. դարուն սկիզբը, երբ իր այդ նախախնամական առաքելութիւնը կը շաղախուի Աւետարանի լոյսով։
Բայց իր ապագայ տիեզերապատմական դերին ու կոչումին նախապատրաստուելու եւ զայն արիաբար ստանձնելու համար՝ հայ ժողովուրդը պէտք ունի հաւատարիմ եւ նախանձայոյզ գործիչներու, նուիրուած պետական այրերու, առինքնող հայրերու, սրբակենցաղ եկեղեցականներու, հոգեւորական լուրջ քարոզիչներու եւ օծեալ քահանաներու։
Հարկ է, որ ամէն մի հայ գիտակցի եւ գերազանցապէս բարձր գնահատէ իր պատմութեան եւ նախահայրերուն փոխանցած այս անզուգական աւանդը։
Այսօր, ցաւալի է, որ ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը անդարձ խրած է ծիսապաշտական (կնունք, հարսանիք, թաղում, հոգեհանգիստ) սովորութիւններու մէջ, իսկ միւս հատուածը դարձած է եկեղեցւոյ նկատմամբ անտարբեր, կամ առաւելագոյնը՝ զայն կը դիտէ իբրեւ ազգային-պատմական կառոյց մը, չըսելու համար՝ ընդամէնը յուշարձան մը, բայց ոչ՝ կենդանութիւն եւ յառաջդիմութիւն ստեղծող անհրաժեշտութիւն մը։
Այժմ վեհագոյն խնդիր մը կայ հայ ժողովուրդի աշխարհիկ եւ հոգեւոր առաջնորդներուն առջեւ։ Պէտք է հայը վերստին երկիւղած դարձնել իր ազգային աւանդին եւ սրբութիւններուն, իր ներկայ յանձնառութիւններուն մէջ եւ ապագայ առաքելութիւններուն դիմաց՝ քաջարի ժողովուրդ մը. ահա՛ փառաւոր կոչումը նաեւ հայ աշխարհիկ գործիչին եւ հոգեւորականին, որոնք պէտք է գործեն՝ ազգերու ընտանիքին մէջ դարձնելու համար հայը նախախնամեալ, ստեղծարար, յառաջադէմ եւ օրինակելի ժողովուրդ մը։
Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցը, որուն սրտագին կ’անդրադառնայ Ոսկան Մխիթարեան, նաեւ Դուք, էական պահանջք մըն է։ Իրողութեան մէջ ան ոչ թէ պարզապէս ներեկեղեցական, այլ ազգային խնդիր մըն է։ Այսօր ազգը, իր կարգ մը առաջնահերթութիւններու կողքին, աւելի քան երբեք պէտք ունի նաեւ իր հոգեւոր մարզին՝ եկեղեցիին բարեկարգութեան, որ նուազ կարեւորութիւն չի ներկայացներ՝ քան իր ֆիզիքական ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը։ Մին կ’ամբողջացնէ միւսը, կամ փոխադարձաբար՝ մին կը պայմանաւորէ միւսին զարգացումն ու հզօրացումը։
Այլ հարց է, թէ ատա՞կ է մեր եկեղեցականութիւնը նման կարեւոր խնդիր մը դնելու իր հայեցակարգին վրայ։ Այսօրուան մակերեսայնօրէն կատարուած փորձերը, որոնք փաստացիօրէն տեսանք վերջին եպիսկոպոսական ժողովին առթիւ, Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ դէմքին վրայ ծիծաղելի, նոյնիսկ նուաստացուցիչ շպարումներ էին միայն, զուրկ՝ անձկայրեաց ցանկութենէ եւ լուրջ մօտեցումէ։
Միեւնոյն ատեն, բարեկարգութիւնը, որ կրնայ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ պատմական չափազանց նշանակալից պատեհութիւն մը դառնալ, պէտք չէ դուրսէն Հայ Եկեղեցիի մարմնոյն վրայ պատուաստել։ Ան պէտք է ըլլայ բնական ներքին զարգացումը եւ անյետաձգելի պահանջքը մեր ազգին, որուն պարտի համակ ընթացք տալ մեր եկեղեցականութիւնը։ Բարեկարգութիւնը չի նշանակեր ջնջել եւ կազմալուծել այն ամէնը, որ հայոց պատմութիւնը ստեղծագործած եւ ազգին թափած արիւնը իր սրբազան աւանդութիւններով նուիրագործած է։ Այլ՝ մենք պէտք ունինք լուրջ ու հիմնական վերանորոգումի մը, ներքին եւ արտաքին մաքրագործումի մը, մասնաւորաբար վարչական եւ ծիսական մարզերէն ներս, ուր Հայ Եկեղեցին միածնաէջ լուսոյ խորան մը մնալով հանդերձ՝ պահէ իր ազգային դրոշմն ու ժողովրդավարական նկարագիրը։