Հրեշտակ մը պայման չէ, որ թեւեր ունենայ

  • 27/01/2017
  • Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

«…Հրեշտակ ի մարդկանէ, մարմնատեսիլ քերովբէ»:
(Ս. Գր. Նարեկացի)

 

Մեր մանկութեան օրերէն իսկ լսած ենք հրեշտակներու մասին: Քանի՜-քանի անգամ մեր մայ­րերը, հակած մեր սնարներուն վրայ, մեր նիրհուն ականջներուն որքան անձկագին աղօ­թած են «Հրեշտակ զուարթուն»-ը՝ այդ գերբնական ու սուրբ էակին պահպանութիւնը եւ մեզ փորձանքներէ պահելու զօրութիւնը խնդրելով մեր ազազուն անձերուն համար:
Պատանե­կու­թեան տարիներուն, դպրոցական գրասեղաններու ետին, կրօնի դասերու ընթացքին ինչքա՜ն հրահրած է մեր երեւակայութիւնը լուսաւոր այն հրեշտակին կերպարը, որ նստած Յիսուսի թափուր գերեզմանին, իւղաբեր կանանց աւետիս տուաւ՝ ըսելով. «Այստեղ չէ՛, այլ յարութիւն ա­ռաւ»((Տե՛ս, Մտ. ԻԸ, 6:)):

«Հազարք հազարաց եւ բիւրք բիւրոց» աստղաբաշխական թիւի մը կը վերագրէ կրօնը՝ անդրադառնալով հրեշտակներու թիւերուն, եւ զանոնք կը բաշխէ հիմնականօրէն երեքական դասերու՝ Աթոռքի, Քերովբէներու եւ Սերովբէներու: Տէրութիւններու, Զօրութիւններու եւ Իշխա­նութիւններու: Պետութիւններու, Հրեշտակապետերու եւ Հրեշտակներու:
Որքան ալ մարդուս երեւակայութիւնը նուիրապետական ձեւ մը տուած ըլլայ հրեշ­տակ­ներու դասակարգումներուն եւ պաշտօններուն, միեւնոյնն է, անոնց գոյութիւնը կը կազմէ մեր հաւատքին բաղկացուցիչ եւ էական մէկ մասը: Հրեշտակապետաց ընդhանրացած անուն­նե­րը, զոր օրինակ՝ Գաբրիէլ, Միքայէլ, Ռափայէլ եւ Ուրիէլ, ինչպէս նաեւ ասոնց կարգին շարք մը ուրիշ անուններ, իրենց «էլ» վերջածանցով, յղացք մը եբրայերէն «էլոհիմ» բառի արմատէն՝ որ Աստուած կը նշանակէ, կու գան մատնացոյց ընելու, թէ անոնք ուղղակի առնչուած են Աստուծոյ հետ:

Հայկազեան Բառագիրքը հրեշտակ բառին հետեւեալ բացատրութիւնները կու տայ. «պատ­գամաւոր երկնային», «դեսպան Աստուծոյ՝ զուարթուն երկնից», «սուրհանդակ», եւլն.: Յունարէն՝ «անգելոս», որմէ լատիներէն՝ «անգելուս», հայերէնի նման նոյնիմաստ նշանա­կու­թիւնն ունին: Հրաչեայ Աճառեանի «Հայերէն Արմատական Բառարան»-ը վերոյիշեալ «հրեշ­տակ» հասկացութիւնը լաւագոյնս կը ստուգաբանէ, զայն առնչելով պահլաւերէնի «ֆրէյշ­տակ» բառին, «ֆրա» բառարմատով եւ «էյշ» մասնիկով կազմուած բառակապակցութիւն մը, որ «շտապել, շարժումի մէջ դնել եւ ուղարկել», այսինքն՝ «պատգամաւոր, առաքեալ կամ ու­ղարկուած» կը նշանակէ:

Հրեշտակները Աստուծոյ անմիջականութեան մէջ գտնուող գերբնական էակներ, Տիրոջ կամքը հիմնականօրէն մարդուն փոխանցող պատգամաբերներ կամ միջնորդներ են, որոնք Ս. Գրոց պատմութեան մէջ, տարբեր ժամանակաշրջաններուն, հանդէս եկած են զանազան դրսե­ւորումներով ու պաշտօններով:

Աբրահամ, երբ իր ամուլ կնոջ՝ Սառայի խնդրանքով անոր եգիպտացի ստրկուհին՝ Հագա­րը ճանչցաւ, իսկ Հագար Աբրահամէ յղացաւ, մայր դառնալու իր ունեցած առաւելութեան հա­մար իր տիրուհին արհամարել սկսաւ: Սառա, որ Աբրահամի առաջին կինն էր եւ իշխանու­թիւն ունէր իր ստրկուհիին վրայ, չարչրկեց զայն: Հագար ճարահատելով՝ փախուստի դիմեց, եւ մինչ անապատին մէջ աղբիւրի մը քով կը գտնուէր, հրեշտակ մը երեւցաւ անոր, որ յորդո­րեց զինք վերադառնալ ու իր տիրուհիին մօտ շարունակել ծառայութիւնը((Տե՛ս, Ծն. ԺԶ, 1-16:))։ Նախախնամու­թիւնը յատուկ ծրագիր մը ունէր նաեւ Հագարին համար, քանի որ Ան տեսած էր ստրկուհիին տառապանքը, հետեւաբար՝ զայն պիտի դարձնէր մայրը հսկայ սերունդի մը: Հետաքրքրական է, որ հոս, Ս. Գրոց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հագար պատահած եղելու­թեան համաձայն ինքնութիւն կու տայ հրեշտակին՝ զայն անուանելով «Դուն այն Աստուածն ես, որ ինծի հոգացիր»((Ծն. ԺԶ, 13:)):

Ցերեկուան տօթին, Աբրահամ, երբ նստած իր վրանի մուտքին հեռուն կը դիտէր, նշմա­րեց, որ երեք անձեր իրեն կը մօտենային: Ան իսկոյն ընդառաջ գնաց, մինչեւ գետին խոնար­հելով երկրպագեց անոնց, ընդհուպ այդ անծանօթ մարդոց Մամբրէի կաղնիներու շուքին տակ ընտիր հիւրասիրութիւն մը պատրաստեց: Անոնք Տիրոջ պատգամաբեր հրեշտակներն էին, որոնք եկած էին Աստուծոյ յաւիտենական ուխտը փոխանցելու անոր, թէ իր կինը՝ Սառան, նոյնիսկ յառաջացեալ տարիքին մէջ, պիտի յղանայ, որդի մը պիտի ծնի եւ Աբրահամ պիտի դառնայ հաւատքի սերունդներուն հայրը((Տե՛ս, Ծն. ԺԸ, 1-10:)):

Սոդոմի ու Գոմորի կործանման եղելութիւնը մեզի դիտել կու տայ, թէ Տիրոջ հրեշտակը ոչ միայն աւետաբեր, այլ՝ կրնայ աղէտաբեր առաքելութիւն մըն ալ ունենալ, երբ մարդ արարա­ծը իր մեղքերով ոչ միայն իր անձին, այլ՝ միաժամանակ իր նմանին ու շրջաշխարհի այլասե­րու­մին պատճառ կը դառնայ:

Զառամած Սառայի յղանալու աւետիսը փոխանցող աւետաբեր հրեշտակները Աբրահա­մէն բաժնուելով՝ միանգամայն ուրիշ առաքելութիւն մը ստանձնեցին Սոդոմի ու Գոմորի ճամ­բուն: Անոնց ուղին հետզհետէ սահմռկեցուցիչ եւ կործանարար դիտաւորութիւն մը առաւ, երբ քաղաքի մուտքին կարծէք իրենց ժամանումին սպասող Ղովտէն դիմաւորուեցան, բայց շու­տով զիրենք հիւրընկալող տան յարկին մէջ մեղքի բիրտ ուժին բախեցան: Հրեշտակները մէկ կողմէն հանդէս կու գային փրկարար դերով մը՝ դեռ տատամսկոտ Ղովտն ու իր կինը իրենց դուստրերուն հետ փութով մը քաղաքէն հեռացնելու, միւս կողմէն՝ ծծումբի կործանարար կրակ­ներուն մէջ կը բնաջնջէին մեղքի աղտեղութենէն այլասերած քաղաքը՝ բոլոր բնակիչնե­րով((Տե՛ս, Ծն. ԺԹ, 1-25:)):

«Ետ մի՛ նայիր, կեանքը առջեւդ է, որ Աստուած շնորհեց քեզի». այս էր հրեշտակին պատ­գամը ստոյգ մահէ ազատած Ղովտին, կնոջն ու անոնց դուստրերուն: Եղո՜ւկ, Ղովտին կինը փա­խուստի ճանապարհին աղէ արձան դարձաւ((Տե՛ս, Ծն. ԺԹ, 26:)), քանի որ չկրցաւ ձրբազատիլ անցեալէն ու ապագային բարիքը չտեսաւ:

Մանուկներուն քովն ալ երբեմն մրցակցութիւնը շեշտուած կ’ըլլայ: Սառա, անդրա­դառ­նա­լով, որ Իսմայէլ՝ Հագարի տղան կրնայ իր զաւակէն՝ Իսահակէն աւելի առաջատար դիրքերու ձգտիլ, Աբրահամին աղերսեց՝ Հագարն ու Իսմայէլը ընդհանրապէս հեռացնել իրենց շրջա­պա­տէն: Սոյնը որքան ալ խորունկ ցաւ դարձաւ Աբրահամի սրտին, այսուամենայնիւ ան ստիպ­ուեցաւ օրուան մը պաշարով ճամբել իր եգիպտացի աղախինն ու անկէ ծնած իր Իս­մայէլ զա­ւակը: Չկայ աւելի սոսկալի բան՝ քան մօր մը համար տեսնել իր ծոցածին եւ սիրա­սուն զաւ­կին մահը: Բերսաբէի անապատին մէջ անջրդի, Հագար մացառներէն մէկուն տակ թողուց սովէ ու ծարաւէ հիւծած իր զաւակը, եւ ինք նետընկէցի մը չափ հեռանալով՝ դառնօրէն ողբաց որ­բու­կին ու իր դառն ճակատագրին վրայ: Հոս ալ Աստուծոյ ողորմութիւնը իր լայն արտայայ­տու­թիւնը գտաւ հրեշտակին միջոցով, որ յայտնուելով այդ տարաբախտ կնոջ, թէկուզ անա­պա­տի կիզիչ աւազներուն վրայ, անոր կեանքին աղբիւրը տուաւ ու խոստացաւ զայն դարձնել հզօր ազգի մը մայրը((Տե՛ս, Ծն. ԻԱ, 9-21:)):

Աբրահամ հաւատքին մարդը կոչուեցաւ: Հայրը՝ միաստուածեան խոշոր կրօններուն՝ Հրէու­թեան, Քրիստոնէութեան եւ Մահմետականութեան, նաեւ իր աննկուն հաւատքին համար, որ ան ունեցաւ ճշմարիտ Աստուծոյ նկատմամբ. չերկմտեցաւ զոհաբերելու իր մէկ հատիկ զաւակը՝ Իսահա­կը, երբ արդէն Հագարի հետ հեռացուցած էր նաեւ Իսմայէլը եւ իր ցեղին շարունակութիւնը ամբողջապէս կախեալ էր առաջնոյն անվտանգութենէն: Աբրահամ համակ եւ անմնացորդ հա­ւատացած էր, թէ Նախախնամութիւնը սուրբ ծրագիր մը ունէր իր հետ եւ պիտի կատարէր այն ուխտը, որ տուած էր իրեն: Ճիշդ այն պահուն երբ այս հաւատքի հսկան իր դանակը կը բարձ­րացնէր զոհաբերելու համար իր որդին, իսկոյն Տիրոջ փրկարար հրեշտակը կը յայտնուի ու քիչ մը անդին՝ թաւուտին մէջ եղջիւրներէն բռնուած խոյ մը կը ցուցնէ, խնայելով զաւկին կեան­քը՝ զայն պատարագելու զոհասեղանին վրայ((Տե՛ս, Ծն. ԻԲ, 1-13:)):

Յակոբ, որ Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն հիմնադիրն է, իր եղբօր՝ Եսաւի վրէժ­խնդրու­թե­նէն հալածական, մահուան սարսափէն տագնապած, օրուան վերջալոյսին քար մը իբրեւ սնար դրած գլխուն տակ, Խառանի ճամբուն խոնջած կը ննջէր: Խորունկ քունին մէջ ան ար­տա­սովոր երազ մը տեսաւ. ահա սանդուխ մը դրուած էր երկրի վրայ, որուն գագաթը երկինք կը հասնէր, եւ որուն վրայէն հրեշտակներու բազմութիւն մը կը բարձրանար դէպի վեր, մինչ ու­րիշ մը կ’իջնէր դէպի վար: Լոյսերու այդ ահեղ շարժումին մէջ Աստուած կը յայտնուի Յա­կո­բի, միակողմանի անոր հետ կնքելու համար Իր ուխտը. «Ահա ես քեզի հետ եմ, եւ ամէն տեղ՝ ուր որ ալ երթաս, քեզի հետ պիտի ըլլամ»((Տե՛ս, Ծն. ԻԸ, 15:)):

Երկու մակարդակ կը ներկայացուի հոս. մին՝ որ Աստուած իսկապէս կը յայտնուի ու կը խօ­սի մարդուն, իսկ միւսըˋ երազը միջոցն է, որուն ընդմէջէն խօսքը բովանդակութիւն եւ ձեւ, գոյն կամ պատկեր կը ստանայ: Յակոբ այդ վայրը օծելով իւղով՝ կը սրբագործէ ու հոն խորան մը կը կանգնէ եւ զայն «Բեթէլ» կը կոչէ, այսինքն՝ «Աստուծոյ տուն»: Բնականաբար, Աստուծոյ տան բնակիչներ եւ սպասաւորներ են հրեշտակները, եւ ուր որ Աստուած է, հոն ներկայ են նաեւ հրեշտակները: Այս իմաստով՝ հրեշտակի մը ներկայութիւնը միաժամանակ Աստուծոյ յայտնութիւն կամ մօտութիւն կը խորհրդանշէ: Հրեշտակներու երեւումներուն առթիւ որքան ալ Հին Ուխտին մարդը «Աստուած տեսայ եւ ապրեցայ» կ’եզրակացնէ, միեւնոյնն է, կարելի չէ հրեշտակ մը Աստուծոյ հետ նոյնացնել: Աստուած «Անհաս եւ անսկիզբ Խորին Խորհուրդ» է, Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին գեղեցիկ բացատրութեամբ՝ «Ինքն անպատճառ պատ­ճառն է ամենայն պատճառաց»: Աստուած գերազանցապէս Արարիչն է ու միակը, մինչդեռ ան­գամ իր անմիջական մօտութեան մէջ եղող հրեշտակները՝ բոլոր միւս գոյերուն նման արա­րած­ներ են:

Շարունակելով նիւթըˋ հրեշտակներու եւ մարդոց միջեւ հանդիպումներուն, նուազ հե­տաքրքրական չէ անդրադառնալ նաեւ Յակոբի մենամարտին, որ ունեցաւ Աստուծոյ հրեշ­տակին հետ: Փաստօրէն սոյն տեղեկութիւնը կը հան­դիսանայ Հին Կտակարանի այն վերջին նկարագրութիւնը, ուր հրեշտակ մը ուղղակի եւ ֆիզիքապէս առնչութիւն կ’ունենայ մարդուն հետ: Յակոբի անձին վերագրուած պատիւ մը, անշուշտ, որ իրենց առաջնոր­դա­կան, մարգա­րէական եւ թագաւո­րական ամբողջ փառքին մէջ ո՛չ Մովսէսի եւ ո՛չ ալ Դաւիթի շնորհուեցաւ:

Յակոբ Լաբանի երկար տարիներ ծառայելէ ետք, որոշեց գաղտնաբար Միջագետքէն հե­ռա­նալ եւ վերադառնալ Քանանու երկիրը: Ռաքէլ, Յակոբի կինը, գողցած եւ իր հետ վերցու­ցած էր իր հօր՝ Լաբանի կուռքերը: Յաբոկի կիրճէն ու գետէն իր ընտանիքն ու ինչքերը անցը­նե­լէ ետք, երբ Յակոբ դեռ առանձին ափին միւս կողմը կը գտնուէր, մարդ մը սկսաւ իր հետ մարտնչիլ: Ըմբշամարտը երկարեցաւ ու արշալոյսը ծագելուն՝ այդ մարդը տեսաւ, թէ կարելի չեղաւ զգետնել Յակոբը, անոր զիստի ամոլաջիղին հարուածեց եւ զայն ընդարմացուց: Ախոյ­եանը Յակոբէն խնդրեց, որ զինք արձակէ, քանզի արշալոյսը կը ծագէր ու ինք պէտք է շտապ հեռանար: Յակոբ դեռ եւս ամուր բռնած էր իր հակառակորդը ու անոր օրհնութիւնը ստա­նա­լու պարագային միայն կը համաձայնէր ազատ արձակել զինք: Յակոբի հետ մարտնչող այդ ան­ծանօթը Տիրոջ հրեշտակն էր, որ անոր անձին մէջ օրհնեց մարդու անկոտրում կամքը, պայ­քարելու անվեհեր ոգին ու նպատակին հասնելու աննահանջ ձգտումը, վերանուանելով զինք «Իսրայէլ»((Տե՛ս, Ծն. ԼԲ, 24-30:)), այսինքն՝ «աստուածամարտ»: Արդարեւ, այս միջադէպէն սկսեալ, մարդ ա­րա­րածը կարծէք ոչ միայն Աստուծոյ մարտակից՝ այլ նաեւ գործակից ըլլալու կոչումն ընդու­նեց:

Բաղաամ Աստուծոյ կամքին հակառակ ընթացք մը որդեգրեց ու Մովաբի թագաւորի պնդում­ներուն տեղի տալով՝ ստիպուեցաւ երթալ Յորդանանի միւս կողմը՝ Մովաբի դաշտե­րուն մէջ բնակութիւն հաստատած իսրայէլացիները անիծելու: Առտու մը ան իր էշը թամբեց ու հեծնելով վրան երկու սպասաւորներու ուղեկցութեամբ ճամբայ ելաւ: Սակայն Աստուծոյ բար­կացած հրեշտակը, մահաբեր սուրը ձեռքին, կանգնած՝ ճամբուն մէջտեղ կը սպասէր Բաղաա­մի անցնելուն, որպէսզի զայն պատժէ: Բաղաամի էշը վտանգը տեսնելով՝ ճամբէն շեղեցաւ ու դէպի արտը գնաց: Բաղաամ սկսաւ էշը ծեծել՝ վերադարձնելու համար զայն բուն ճամբուն: Քիչ ետք, Տիրոջ հրեշտակը, նոյնքան սպառնալից, երկու կողմերէն ցանկապատուած այգինե­րու արահետին մէջ կեցաւ: Այս անգամ ալ էշը փորձեց շրջանցել՝ ինքզինք ու Բաղաամի ոտքը սեղմելով ցանկապատին: Բաղաամ ոտքին ցաւէն ալ աւելի զայրացած՝ ճիպոտի ուժգին հար­ուածներ հասցուց խեղճ իշուն: Երբ նորէն փորձեցին ճամբորդութիւնը շարունակել, Տիրոջ հրեշ­տակը կանգնելով՝ այս անգամ ալ փակեց այն նեղ անցքը, ուրկէ անոնք ստիպուած էին անցնիլ: Եւ քանի որ ո՛չ շրջանցելու, ո՛չ շրջուելու եւ ո՛չ ալ աջ ու ձախ կողմերէն շեղելու կարե­լիու­թիւն կար, էշը աբմողջապէս գետին կքեցաւ ու անշարժ իր տեղը մնաց: Բաղաամ զայրա­նալով իր իշուն յամառութեան վրայ, սկսաւ զայն սաստիկ ծեծել: Ահա Աստուած ճիպոտի հարուածներու ցաւէն չարչրկուած իշուն բերանը բացաւ, որ Բաղաամի ըսաւ. «Ի՞նչ ըրի քեզի, որ այս երեք անգամ է որ զիս կը ծեծես: Միթէ ես նոյն էշդ չե՞մ, որուն վրայ կը հեծնէիր ման­կու­թենէդ մինչեւ այսօր. քեզի այսպէս ընելու սովորութիւն ունէի՞»((Հմմտ, Թւ. ԻԲ, 28-30:)): Բաղաամի աչքերը իսկոյն բացուեցան եւ Տիրոջ հրեշտակը անոր հաւաստիացուց, թէ ան ստոյգ պիտի մեռնէր, եթէ իր գրաստը չզգաստանար ու զինք չպահէր վտանգէն((Հմմտ, Թւ. ԻԲ, 21-35:))։

Ի տարբերութիւն բանականութիւն չունեցող կենդանիին, մարդ արարածի աստուածա­տուր առաւելութիւնն է տեսնել ու ճանչնալ ճշմարտութիւնը: Առաւելութիւններուն զուգահեռ, նոյն գիտակցական մարդը ունի սակայն թերութիւն մը՝ սխալականութիւնը, կրօնական բա­ռով՝ մեղանչականութիւնը, որ իր ամէնէն մեծ տկարութիւնն է: Բաղաամի պերճախօս օրինակը ցոյց կու տայ, թէ էշն անգամ ատակ դարձաւ տեսնելու մարդուն մեղքը, իսկական յամա­ռու­թիւ­նը անոր, որ չանսաց Աստուծոյ ձայնին եւ չուզեց ճանչնալ Անոր ճշմարտութիւնը:

Վերոյիշեալ միջադէպին հետ կապուած հրեշտակին ներկայութիւնը, որ աղէտալի ու մա­հա­բեր բնոյթ ունէր, Երից Մանկանց((Տե՛ս, Դն. Գ, 19-30:)) եւ Դանիէլի պատմութեան((Տե՛ս, նոյնը, Զ, 1-28:)) մէջ կենսաբեր պաշտօն մը կ’առնէ: Ուրեմն հոն, ուր մարդը ճշմարիտ Աստուծոյ մասին հաւատքին վկայութիւնը կու տայ, թէկուզ հուրի ու սուրի, օդի մէջ թէ ցամաքի վրայ, կեցած նոյնիսկ մահուան ուժերուն դէմ յան­դիման, անպայման Աստուծոյ փրկարար ու կենսատու միջամտութիւնն է որ կը գտնէ:

Սոյն առումով, քաջ յանձնարարելի է ծանօթանալ Տովբիթի((Տե՛ս, Տովբիթ, Ա-ԺԴ:)) փորձառութեան հետ, որ հա­կառակ ճակատագրին հասցուցած ծանր հարուածներուն, կեանքի բաւիղներուն վրայ ունե­ցած իր վտանգաւոր խարխափումներուն, դէպի ճշմարիտն Աստուած տածած իր աննկուն հա­ւատքին համար է, որ Ռաֆայէլ հրեշտակը ուղեկից կ’ուղարկուի իրեն՝ մահուան ստուեր­նե­րուն ընդմէջէն տեսնելու լոյսը եւ վերագտնելու նաեւ իր անձնական երջանկութիւնը:

Հին Կտակարանի պատմութիւնը լեցուն է այս եւ նման տեղիքներու բազմազանութեամբ, բայց, միեւնոյնն է, այդ ամէնուն ընդմէջէն կարմիր թելի պէս կը վկայուին Աստուծոյ հետ յարա­բերող մարդուն ունեցած փորձառութիւնները՝ հաւատքի մեծ թռիչքներու, միաժամա­նակ՝ սոս­կալի անկումներու առթիւ: Հոն, ուր ուղղակի Աստուած Ինքզինք չի յայտներ, չի խօսիր օրէն­քին ու մարգարէներուն, այլապէս՝ նիւթեղէն խորհրդանշաններու միջոցով, միշտ հրեշտակ­ներն են, որ հանդէս կու գան իբրեւ միջնորդներ, պատգամաբերներ կամ Տիրոջ անունով ու­ղար­կուած գերբնական էակներ՝ Արարիչին կամքը փոխանցելու համար մարդ արարածին:

Թէպէտ սոյն գրութիւնը դիտաւորութիւն չունի ներկայացնելու համապարփակ հրեշտա­կաբանութիւն մը, ոչ ալ կը միտի մեկնաբանելու Աստուածաշունչ մատեանին մէջ տեղ գտած հրեշտակներու բոլոր երեւումները, այսուամենայնիւ, բուն միտք բանիս բացայայտելէ ա­ռաջ, անտեղի պիտի չնկատէի համառօտ անդրադառնալ նաեւ Նոր Կտակարանի մէջ յիշատակ­ուած քանի մը հիմնական դէպքերու:

Աւետաբեր Գաբրիէլ հրեշտակին յատնութեամբ է, որ կը սկսի Նոր Կտակարանի երրորդ գիրքը՝ Ղուկասու Աւետարանը: Զաքարիա((Տե՛ս, Ղկ. Ա, 5-25, 57-63.)) ծերունազարդ քահանան, որ ըստ կարգի Տիրոջ խորանին կը խնկարկէր, տեսաւ Նախակարապետին ծնունդը աւետող հրեշտակը, բայց տա­րա­կուսեցաւ՝ մնալով մարդուն համար բնորոշ միայն տեսանելիին եւ շօշափելիին հաւատա­լու սահմանափակումին մէջ: Ուստի, իր թերահաւատութեան պատճառով ան հրեշտակէն համրութեամբ պատժուեցաւˋ մինչեւ իր որդիին ծնունդը, որուն անուն տալու համար ան ստիպուած եղաւ խնդրելու տախտակ մը, որուն վրայ արձանագրեցˋ «Յովհաննէս» անունը։

Ո՞ր հաւատաւոր քրիստոնեային սիրտը չի խայտար բերկրանքին խորհրդաւոր զօրու­թեամբ, երբ կրկին ու կրկին հաղորդակից կը դառնայ աւետաբեր այն ողջոյնի բովանդակու­թեան, որ հրեշտակապետը՝ Գաբրիէլ տուաւ Մարիամ մանկամարդ կոյսին. անոր, որ մեր հա­ւատ­քի ընկալման մէջ ու պաշտամունքի խորանին վրայ Աստուածածին կը կոչուի: Ոչ միայն մարդեղացած Աստուածորդիին, այլ՝ Անոր ընդմէջէն ու Անոր շնորհիւ գերազանցապէս ու միաժամանակ մայրըˋ մարդկային ցեղի փրկութեան:

«Ուրախ լե՛ր, բերկրեալդ, Տէր ընդ քեզ»((Հմմտ, Ղկ. Ա, 28։)): Ահաւասիկ հրեշտակին ողջոյնը, որով սուրբ կոյսը յօժարեցաւ իր կուսական արգանդը ընդունիլ Աստուած Բանը. Անոր, որ անսկիզբ էր ու անժա­մա­նակ, անըմբռնելի էր ու անհասանելի, զոր երկինքն ու երկիրը չէին կրնար պար­փակել իրենց մէջ, խոնարհեցաւ, փոքրացաւ, դարձաւ ընդամէնը պարզ մանուկ մը, որպէսզի իրմէ իսկ գոյաւորուած մարդը զԻնք կարենայ ըմբռնել, գրկել, գգուել ու սիրել։ Երբ Ան իր աչքերը լոյսին բացաւ կենդանիներուն իբրեւ գոմ ծառայող Բեթ­ղեհէմի քարայրի կիսամութին մէջ, Տիրոջ հրեշտակն էր, որ Անոր սուրբ ծնունդը հովիւներուն յայտնեց, ու երկնային զօրքերու բազմութիւն մը աստուածա­յին սիրոյն աշխարհի վրայ զեղումին ցնծութիւնը աւե­տեց փառաբանելով. «Երկնքի բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղա­ղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»((Հմմտ, Ղկ. Բ, 14։)):

Հրեշտակը, որ տարհամոզած էր Յովսէփը չարձակելու իր նշանուհին քանի որ ան Ս. Հո­գիէն յղացած էր, եւ ինչքան ալ եղելութիւնը սուրբ մինչեւ վերջ անըմբռնելի մնաց այդ արդար մարդուն, միեւնոյնն է, ան ենթարկուեցաւ Տիրոջ կամքին՝ անսալով ոչ այնքան իր տրա­մաբա­նութեան թելադրանքներուն, որքան իր հաւատքի հզօր ձայնին((Հմմտ, Մտ. Ա, 18-22։)): Այդ նոյն հրեշտակը, ահա­ւա­սիկ, նորէն երեւցաւ Յովսէփի, ու յանձնարարեց անոր Հերովդէսի մահահոտ չարութենէն հեռացնել նորածին մանուկը»((Հմմտ, Մտ. Բ, 13-15։)): Երբ ոճրագործ արքան մահացաւ եւ Յիսուսի ուղղակի սպառնացող վտանգը վերացաւ, Յովսէփ ու Մարիամ գօտեպնդուած միեւ­նոյն հրեշտակին քաջալերական խօսքերէն, իրենց մանկան հետ Եգիպտոսէն հայրենիք վերադարձան՝ օտա­րու­թեան մէջ երկար չդեգերելու եւ Աստուծոյ նախախնամական տնօրինումը իրագործելու հա­մար((Հմմտ, Մտ. Բ, 19-23։)):

Անապատին մէջ փորձութեան ժամանակ, երբ Յիսուս մեր նախահայր Ադամին տկարու­թիւնը երիցս յաղթահարեց, ու հեռացուց փորձիչը հրամայելով «Ետիս գնա՛», հրեշ­տակներն էին, որ անմիջապէս մօտենալով Իրեն ծառայեցին((Հմմտ, Մտ. Դ, 1-11։)):

Ո՜հ, սոսկալի է այն պահը, երբ ձեր­բա­կալուելու սեմին Յիսուս իւրայիններէ լքուած եւ Յուդայէ մատնուած, Գեթսեմանիի մութ գիշերուան իր մահասարսուռ տենդին մէջ՝ «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, հեռացուր ինծմէ այս բաժակը»((Տե՛ս, Ղկ. ԻԲ, 42։)) կ’աղերսէր, մինչ քիրտը արեան կաթիլներու նման կը հոսէր, հոն պահապան հրեշտակ մը միայնակ զինք կը զօրացնէր՝ տնօրինական խո­րին խոր­հուրդը իրագործելու որոշումին մէջ((Հմմտ, Ղկ. ԻԲ, 41-44։)):

Ինչքա՜ն դիւթիչ եւ վեհաշուք հզօրութիւն մը ունի հրեշտակներուն երեւումը Յիսուսի թա­փուր գերեզմանին վրայ: Երկիւղ, բայց միաժամանակ անասելի ցնծութիւն մը կը խայտայ հոն գերեզմանի կիսամութին մէջ՝ մահուան դէմ յաղթանակող կեանքին աւետիսով պարուրուած: Համատես աւետարանիչներ՝ Մատթէոս եւ Մարկոս թափուր գերեզմանին վրայ յայտնուող՝ մէկ((Հմմտ, Մտ. ԻԸ, 2, Մկ. ԺԶ, 5։)), իսկ Ղու­կաս եւ Յովհաննէս զոյգ((Հմմտ, Ղկ. ԻԴ, 4, Յով. Ի, 12։)) մը հրեշտակներու մասին կը վկայեն: «Անոր տեսքը փայլակի պէս էր, եւ անոր հագուստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ»((Հմմտ, Մտ. ԻԸ, 3։)), կ’ըսէ Մատթէոս Աւետարանիչ: Մարկոս նոյնպէս սպիտակաթոյր տեսք մը կը վերագրէ հրեշտակին((Հմմտ, Մկ. ԺԶ, 5։)): Ղուկաս Աւետարանիչ լուսափայլ((Հմմտ, Ղկ. ԻԴ, 4։)) կեր­պար մը կու տայ անոնց, եւ Յովհաննէս նմանապէս գերեզմանին ներսը Մարիամ Մագթա­ղե­նացիին երեւցող հրեշտակները սպիտակ((Հմմտ, Յով. Ի, 12։)) հանդերձներով կը նկարագրէ: Լոյսը կեանք է եւ ճշմար­տութիւն. հրեշտակին ներկայութիւնըˋ ստոյգ մասնիկ մը Աստուծմէ, որ բովանդակ կեանքն իսկ կը խորհրդանշէ:

Ի դէպ, նաեւ պէտք չէ մոռնալ Յիսուսի ազդարարութիւնըˋ չգայթակղեցնել ու չարհա­մարհել իր հետեւորդները, այսինքնˋ բոլոր անոնք, որոնք մանուկի մը համակ ու անկաշկանդ պատրաստակամութեամբ կ’ընդունին փրկութեան աւետիսը, արդարեւˋ «Երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ Հայր Աստուծոյ երեսը կը տեսնեն»((Տե՛ս, Մտ. ԺԸ, 10:)):

* * *

Հրեշտակնե՜ր, հրեշտակնե՜ր, զուարթուն, պահապան հրեշտակներ, ով դուք երկնաճեմ թե­ւաւոր էակներ, գոյութիւն ունի՞ք արդարեւ մեր այսօրուան կեանքին մէջ։
Մարդիկ կան, որոնք կը հաւատան, մարդիկ ալ կանˋ չեն հաւատար. ես անոնցմէ եմ, որ կը հաւատայ ու աներկբայ համոզուած եմ, թէ դուք ներկայ էք մեր կեանքի բոլոր հանգրուան­ներուն մէջ, եւ մեր ստուերախառն օրերունˋ ձեր անուշծիծաղ ժպիտն է, որ կը ցոլայ մեր շատ դիւ­րաբեկ գոյութեան վրայ:

Քանի՜-քանի անգամ, վտանգի պահուն թէ տխրութեան մէջ, զգացած եմ հրեշտակի մը բարի ներկայութիւնը երբեմն ինծի այնքան անընդմիջելիօրէն մօտիկ, որ ան կարծէք նստած ըլլար մերթ աջ եւ մերթ ձախ ուսիս վրայ: Զորօրինակ, պատահած է՝ երբ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին յանկարծ սթափած եմ ծանր թմրութենէ մը, հակակշիռէ դուրս՝ ան­տնօ­րինելի պահէ մը, որ այլապէս կրնար անձիս համար ճակա­տագրական հետեւանքներ ունե­նալ: Անդրա­դարձած եմ, որ աներեւոյթ մէկը զգաստացուցած, ցնցած կամ ետ պահած է զիս ստոյգ չարիքէն: Տեսնելու անձկագին ցանկութեամբ շուրջս նայած եմ, ու ինքզինքիս հարցու­ցած՝ ո՞վ փրկեց զիս, ո՞վ մխիթարեց նեղութեանս մէջ՝ ցոյց տա­լով հէգ գոյութեանս առջեւ լայն բաց­ուած լուսանցքը յոյսին:

Կրօնական խորունկ զգացողութիւն մը միշտ եկած է զիս համոզելու, թէ ան մեր պահա­պան հրեշտակն է, եւ գուցէ Աստուած մեզմէ ամէն մէկուն քով նման հրեշտակ մը կանգնե­ցու­ցած է՝ իր թեւերը սուրբ իբրեւ պահպանութեան հովանի տարածելու համար մեր գլխուն վրայ:

* * *

Սակայն պայմա՞ն է հրեշտակ մը թեւեր ունենայ՝ մեզ հաղորդակից դարձնելու Աստու­ծոյ կենսաբաշխ եւ փրկարար սիրոյն: Տե՛ս այն մարդիկը, որոնք երկրագունդի տարբեր ցա­մա­քամասերուն վրայ, աղէտեալ գօտիներուն մէջ, երաշտէ ու սովէ, բնական աղէտներէ ու պա­տերազմներու սփռած արհաւիրքներէն զարնուած եւ զրկուած բիւրաւոր թշուառներու օգնու­թեան կը փութան: Նայէ՛ ինքզինք զոհաբերող այդ երիտասարդին, որ ձեռք կու տայ ապաս­տանա­րան­նե­րու եւ ճամբարներու ժխոռին մէջ ընկճուած վատուժ տղուն: Նայէ՛ տոհմիկ իր առաւելու­թիւն­ներն ու բոլոր բարիքները մէկդի թողած աղջկան, որ հասեր է համաճարակէ ու մահացու ախտերէ վարակուած հիւանդին, զայն դարմանել փորձելու կամ ուղեկցելու մեռ­նողին՝ ապահովելու համար անոր արժանավայել մահ մը ունենալու իրաւունքը։ Նայէ՛ այն զո­հաբերուող ուսուցչին, որ կեանքի տարրական պայ­մաններէ գոհանալով՝ եկեր է իր գիտելիքը բաշխելու փողոցի տղոց ու աղջիկներուն՝ զանոնք հաւաքելով բացօթեայ դասարաններու, վրաններու տապին կամ քանի մը փայտէ ու թիթեղէ յարմարցուած փոքր ու անշուք հիւղակին մէջ:

Անոնք պարզ մարդիկ են մեզի պէս. ո՛չ սրընթաց, ո՛չ երկնաճեմ, ո՛չ լուսափառ, ո՛չ լայնա­լիճ ճերմակ խոշոր թեւեր եւ ո՛չ ալ հրեղէն սուր ունին բռնած իրենց ձեռքին մէջ: Բայց անոնք ամէն տեղ են, երբեմն դանդաղ ու տատամսոտ, նոյնիսկ՝ կարճ ու տգեղ: Ահա մէկն անոնցմէ իր ձեռքը տուաւ ու զիս բարձրացուց, երբ ինկած էի: Ան քովս գաղտնաբար, սենեակիս պա­տին միւս կողմը գուցէ, ականջ դրած զիս կը լսէր, երբ առանձնութեանս ճնշող բեռին տակ օգ­նու­թիւն կ’աղերսէի: Ան էր, որ իր հացը հետս կիսեց, իր հիւրընկալ յարկին դուռը բա­ցաւ, երբ պանդուխտ էի, ու առաջարկեց տաք անկողին մը, երբ ցուրտէն պաղած խուժդուժ հազ մը կուրծքս կը պատռէր:

Արդարեւ, չկա՞յ արդեօք մեզմէ ամէն մէկուն մէջ թաքուն հրեշտակ մը, որ բարիին ու լաւին նախազգացումը կ’առթէ մեր ներսիդին: Զա՛յն պէտք է կանչել մեր էութեան խորքէն, մեր նմա­նին՝ մարդուն հանդէպ ըլլալու համար կարեկցանքի, սիրոյ եւ խաղաղութեան աւետաբեր մը:

Բարիք գործելու համարˋ պայման չէ, որ թեւեր ունենանք: