17-18 Մայիս-ին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ»ի ժողովը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Կարծէք անհրաժեշտ է անգամ եւս արթնցնել եւ յիշեցնել իր եկեղեցիի ապագայով տագնապող մեր ազնիւ ժողովուրդին, թէ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ» ըսուածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ իր արժանապատուութիւնը կորսնցուցած եւ ստրկացած եկեղեցականներու խորհրդակցական խմբակ մը, որ ո՛չ մէկ կանոնական իրաւասութիւն ունի իր խորհրդակցական հանգամանքէն անդին որեւէ որոշում առնելու, որովհետեւ այս ստրկամոլներու խմբակը նշանակուած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն, եւ ո՛չ թէ ընտրուած ու վաւերացուած Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ: Հետեւաբար անոնց բոլոր «որոշումներն» ալ սահմանուած ենմնալու միայն խորհրդակցական բնոյթ կրող թելադրանք-յանձնարարութիւններ, եւ ո՛չ աւելին:
Այս առթիւ, անգամ եւս կը նկատենք ժողովէն բացակայութիւնը Ս. Երուսաղէմի նուիրապետական աթոռի գահակալ՝ Նուրհան Պատրիարքին, որ ի պաշտօնէ ատենապետներէն մէկն է այս ժողովին: Այնպէս կ’երեւի թէ տակաւին «հարցերը» չեն լուծուած: Յամենայն դէպս, «վարժուեցանք» Նուրհան Պտրիարքի բացակայութեան. այնպէս կը թուի թէ իր ներկայութիւնը այնքան ալ բաղձալի չէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին: Անցեալ տարուան Սեպտեմբեր 6-8 Գանձասարի վանքին մէջ տեղի ունեցած «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի» հերթական ժողովին եւսկը բացակայէր Նուրհան պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ աթոռին օրուան պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանը:
Ինչպէս ծանօթ է մեր ազնիւ ժողովուրդին, անցեալ տարի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Խաժակ Արք.Պարսամեանի, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հրաւէրով Նիւ Եորքի մէջ 31 Հոկտեմբերէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր տեղի ունեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական ժողովը՝ «Ս. Էջմիածնէն՝ աշխարհին» գլխաւոր կարգախօսով — թէեւ մենք այդ ժողովը կոչած էինք «ծխածածկոյթ», որովհետեւ անոր ետին կը տեսնէինք ծածուկ նպատակներ: Եթէ կը յիշեն մեր ընթերցողները, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «գահակալութեան» 17-րդ տարեդարձն էր, եւ այդ առիթով «արժանավայել» դրամահաւաք տեղի ունեցաւ ու նուիրատուուներուն, –մերօրեայ ամիրաներուն՝ որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգին «ներկայացուցիչներն ու ղեկավարները»,– տրուեցան շքանշաններ: Այս այցելութիւնը լաւագոյն առիթն էր որպէսզի Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր հեղինակութիւնը ամրապնդէր սփիւռքի մէջ, զօրավիգ կանգնելով իր հովանաւորութիւնը վայելող «հնազանդ առաջնորդներուն», որոնք իրենց երերուն աթոռները պահելու համար օրն ի բուն կը քծնին թէ՛ կաթողիկոսին եւ թէ՛ «նոր ամիրաներուն» առջեւ:
Այդ առիթով ո՛չ ոք արձագանգեց կատարուած կանոնական խախտումներուն, (թեմական առաջնորդներու իրաւազրկում, կանոնագրային փոփոխութիւններ թեմական կեանքէն ներս՝ բռնագրաւելու սփիւռքի բոլոր հաստատութիւններն ու նիւթական հարստութիւնները), նամանաւանդ մեր աւանդական կուսակցութեանց մամուլը, որ բարոյական աւագ պարտաւորութիւնն ունի բարձրաձայնելու կատարուած խախտումներուն մասին, եւ ո՛չ թէ որպէս սովորական լուր իր էջերուն մէջ տեղ տալու անոնց, առանց որեւէ լուրջ մեկնաբանութեան: Հայ մամուլին ամլութիւնը դատապարտելի է, որովհետեւ անիկա ո՛չ թէ միայն հասարակութիւնը լուսաւորելու միջոց մըն է, այլեւ հասարակական կարծիք ձեւաւորող եւ ժողովուրդը առաջնորդող ու անոր գաղափարները ձեւաւորող լաւագոյն շարժիչ ոյժն է: Եւ հետեւաբար նոյնքան դատապարտելի է մտաւորականութեան անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը. կարծէք յայտարարած ըլլան՝ «Ինձմէ ետք՝ ջրհեղեղ» ինչպէս Ֆրանսացին պիտի ըսէր. Après moi, le déluge.
Վերադառնանք Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած ԳՀԽ-ի ժողովին: Բացայայտ ճշմարտութիւն մը կայ հաղորդագրութեան մէջ, թէ ժողովին բուն նպատակը եղած է զօրավիգ կանգնիլ Եզրաս Արք. Ներսիսեանի մշուշապատ հեղինակութեան: Եզրաս սրբազան խօսելով իր թեմի գործունէութեան մասին, կ’ուզէ տալ ա՛յն տպաւորութիւնը, թէ այդ թեմի Ալֆան եւ Օմեկան ի՛նք է եղած, եւ կատարուած բոլոր «հրաշագործութիւնները» թեմէն ներս՝ իրե՛ն կը պարտին: Այսքան այլանդակութիւն տանելի չէ: Յայտարարուած թիւերը բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան:
Բոլոր այն եկեղեցիները, թիւով առաւել քան երեսուն, կառուցուած են այդ թեմէն ներս քսանեւհինգ տարիներու վաստակ ունեցող, սոսկ հեռաձայնային կապով մը կարգազուրկ յայտարարուած Տիրան Արք. Կիւրեղեանի օրով ու անոր ջանքերով: Հաւաստի աղբիւրներէ կ’իմանանք նաեւ թէ նոյնիսկ Մոսկուայի նորակառոյց Ս. Պայծառակերպութեան առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հողատարածքը պետութենէն ձրիաբար ապահովուած էր Տիրան Արք. Կիւրեղեանի կողմէ: Ի՞նչպէս կարելի է իւրացնել միաբանակից աւագ եղբօր մը արդար քրտինքին վաստակը: Ո՞ւր են այն բոլոր «արդարամիտ» եկեղեցականները որոնք, գիտնալով հանդերձ թէ կատարուած յայտարարութիւնները կեղծ են, իրենց ձայնը չեն չեն բարձրացներ ճշմարտութիւնը յայտարարելու համար: Արդեօք ի՞նչ պիտի զգային եթէ ուրիշը իրենց տարիներու վաստակը թերագնահատէր եւ կամ իւրացնէր:
Ամենաշռնդալից յայտարութիւնը, որ շատ լուրջ մեկնաբանութեան կը կարօտի, այս օրերուն գումարուող Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովն է, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկոյց տուած էր Նաթան Արք. Յովհաննիսեանը Մոսկուայի եռօրեայ ժողովի ընթացքին: Անմիջապէս հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ, թէ ի՞նչ է նպատակը այս եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին: Վերլուծե՛նք:
Բոլորս ալ գիտենք, թէ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»: Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած մինչեւ այսօր: Հաւանաբար ընթերցողը կռահեց թէ ինչո՞ւ էր Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողով գումարելու այս աճապարանքը:
19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցած Ազգային Եկեղեցական ժողովի կանոնագրութեան մէջ կը նշուին նո՛յն Ազգային Եկեղեցական Ժողովի իրաւասութիւնները.-
ա.- Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:
բ.- ԸՆտրութիւն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ վերստուգիչ յանձնաժողովին:
Շատ հետաքրքրական է նշել այստեղ, որ յաջորդաբար պատրաստուեցան զանազան կանոնագրութիւններ՝ 1958-ին, 1987-ին, 1988-ին, 1991-ին եւ 1995-ին – այս վերջինը՝ Վաչէ եւ Արիս Սրբազաններու խմբագրութեամբ: Արդ, կարճ ի կարճոյ վերստին շեշտենք, թէ 1945-էն ի վեր այս նախագիծերէն եւ ո՛չ մէկը վաւերացուած ու հաստատուած է առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կատարած անհատական, ապօրէն փոփոխութիւնները ուրիշ բան չե՛ն եթէ ոչ՝ կամակատարութեան դրսեւորում եւ կանոնական օրէնքներու կոպիտ խախտում:
Նկատի ունենալով վերեւ յիշատակուածները, յստակ կը դառնայ որ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը ուրիշ նպատակ չունի բացի անկէ՝ որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր արբանեակներուն ու կամակատար առաջնորդներուն ձեռքով (եւ ո՛չ թէ ժողովրդային ընտրութեամբ) որոշուած աշխարհական «ներկայացուցիչներով» պիտի փորձէ հաստատել եւ վաւերացնել բոլոր այն կանոնական խախտումները որոնք կատարուեցան մինչեւ այսօր, մասնաւորաբար իր «ընտրութենէն» ետք: Կա՞յ մէկը որ քաջաբար հարցնէ թէ ո՞վ ընտրեց այս աշխարհական ներկայացուցիչները, եւ կամ ինչպէ՞ս ընտրուեցան անոնք…: Որքա՞ն ատեն կուլ պիտի տանք այս կանոնական խախտումները:
Հիմա որ Եկեղեցական ներկայացուցչական 6-րդ ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները, ցաւով կ’արձանագրենք այստեղ, թէ ո՛չ մէկ խօսք ըսուած է Եկեղեցւոյ միութեան մասին: Սա պարզապէս կը նշանակէ թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին մէկ չէ, եւ ասկէ ետք դադրինք յայտարարելէ «մէկ ազգ-մէկ եկեղեցի» լօզունգը: Լուռ պայքարն ու մրցակցութիւնը կը շարունակուին նուիրապետական աթոռներուն միջեւ, եւ մենք վատագոյն օրինակը կը հանդիսանանք Աւետարանի սիրոյ քարոզչութեան: Մեր այս ընթացքով, ելլելով մեր անհատական եւ կուսակցական շահերէն, 8 միլիոննոց սփիւռքը պառակտեալ կը պահենք – Փա՜ռք Ամենակալին…:
Ասկէ առաջ բազմիցս յայտարարած ենք թէ պէտք չէ թոյլ տալ, որ կղերական մենաշնորհեալ դասակարգ մը իւրացնէ եւ չարաշահէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ նուազագոյն չափով իսկ սահմանափակէ հաւատացեալներու մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը եկեղեցիի կեանքին ու գործին մէջ: Մեր ցանկութիւնն է այս կոչերով ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար մտաւորականութիւնը հասցնել ա՛յն գիտակցութեան աստիճանին՝ ուր կարենան ոտքի ելլել եւ դէմ կանգնիլ ընդդէմ անկաշկանդ կղերապետութեան, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ուծացում եւ խորտակում:
Բոլորիս ծանօթ է որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը Եկեղեցիին մօտեցնել, որովհետեւ մերժած է ըլլալ հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց մը: Ազգին հաշիւ չտալու այս հոգեբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ ապազգայնացման եւ խորտակման:
Այսօր հայ ժողովուրդը կ’ապրի քսանմէկերորդ դարու պատմութեան անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը, եւ անհրաժեշտ կը նկատենք որ կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներու վերականգնումի աշխատանքին նուիրուինք ազգովին, եթէ կ’ուզենք տոկալ նոր մարտահրաւէրներուն՝ որոնք կը կանգնին մեր առաջ իրենց բոլոր դժուարութիւններով, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդութեան առջեւ: Հաւատացեալները Հայաստան կամ Ս. Էջմիածին ձեւական ուխտի տանելով՝ եկեղեցասէր եւ ազգասէր երիտասարդութիւն չէ՛ք կրնար պատրաստել:
Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք եւ քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումի նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին: