«Պատմութիւնը մարդոց կը սորվեցնէ,
թէ մարդիկ պատմութենէն ոչինչ կը սորվին»։
(Մահաթմա Կանտի)
Պատմութիւնը հարուստ դպրոցն է ներկայ կեանքին, առաւել եւս՝ ապագային։ Ուսումնասիրել զայն՝ կը նշանակէ սորվիլ անկէ, խուսափիլ սխալներու կրկնութենէն եւ աւանդել այն արժէքները, որոնք փորձառաբար պիտանի դարձած են ազգի մը պահպանման եւ յառաջդիմութեան համար։ Ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ խելացի նկատուած են այն ազգերը, որոնք սեփական պատմութենէն առած են կեանքի մնայուն դասը՝ ճիշդ գնահատել իրենց ցեղային կարողութիւնները, հանդերձ իրենց ունեցած բոլոր ձեռքբերումներով եւ թերացումներով։ Նկարագրային յոռի երկու հիմնական յատկութիւններ կրնան խիստ ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ թէ՛ անհատի մը եւ թէ՛ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ, երբ անձ մը կամ նոյնիսկ ազգի մը նման խոշոր հաւաքականութիւն մը ինքզինք կը գերագնահատէ, իսկ իր թշնամին՝ կը թերագնահատէ։ Երանի՜ այն ժողովուրդներուն, որոնք պատմական փորձառութենէ մեկնելով՝ գտած են ոսկիէ միջինը կեանքի եւ մահուան, գոյութեան եւ անգոյութեան, զարգացումի եւ լճացումի միջեւ՝ ներկայի իրատեսութեան վրայ հիմնուած ապագայի նկատմամբ հաստատապէս որդեգրելու ճիշդ արեւելում մը։ Ազգ մը, որ չի գիտեր սորվիլ իր անցեալէն՝ կը նմանի պատմութեան թատերաբեմին վրայ հանդէս եկող լարախաղացի մը, որ իր ձեռքէն վար ձգած է ներկայի եւ ապագայի բեւեռներուն միջեւ ձգուած առասանին վրայ իր հաւասարակշռութիւնը պահելու եւ կողմնորոշուելու արուեստին կենսական ձողը՝ ամէն վայրկեան անցեալի եւ մոռացութեան անդունդին մէջ գահավիժելու վտանգին ենթակայ։
Անդրադառնալով հայութեան՝ դարերու պատմութիւնը անոր աւանդած է բորբ քուրաներու մէջ կոփուած եւ սուրով փորձարկուած հիմնական պատգամ մը, թէ հայ ժողովուրդին ուժը գերազանցապէս կը կայանայ իր անմնացորդ եւ ամբողջական միութեան մէջ։ Սոյնը ընդհանրապէս հայութեան համար պէտք էր ըլլար առաջնահերթ եւ գերիվեր ամէն ինչէ, պէտք է ըլլար ոսկի օրէնք մը՝ գործնականապէս կիրարկելի կեանքի իր բոլոր ասպարէզներուն մէջ։ Այս մասին դեռ Ե. դարուն, հիմք ընդունելով Վարդանանց պատերազմի անբարենպաստ աւարտը,– որ, ըստ անոր ոսկեղենիկն պատմիչին, իրականացած էր հայկական ուժերու ներքին տրոհումին եւ Վասակ Սիւնիով սկսած անհամաձայնութեան հետեւանքով,– Եղիշէ կ’եզրակացնէր, թէ «Միաբանութիւնը բարի գործերու մայրն է, իսկ անմիաբանութիւնը՝ չար գործերու ծնողը»((Եղիշէ, Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմին, թարգ. եւ ծանօթագրութիւններ Ե. Տէր-Մինասեանի, Երեւան, 1989, էջ 8։))։
Եւ ահա նոյն ներշնչումով, ոչ աւելի եւ ոչ պակաս, շուրջ հազար հինգհարիւր տարի ետք, հայրենի բանաստեղծը՝ Եղիշէ Չարենց, 1934-ին հրատարակած իր «Պատգամ» բանաստեղծութեան մէջ մեզոստիքոս-ի միջոցաւ ճշմարտացի նոյն պատգամը կը յղէ իր ազգին. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
Արդարեւ, միաբանութիւնը մայրն է բարի գործերու՝ ծաղկուն քաղաքներու կերտումին, քաղաքակրթութեան զարգացման, անկախութեան իրագործումին, վստահութիւն ներշնչող ամուր պետականութեան մը ստեղծումին եւ կարեւորագոյն նախապայմանը՝ անոր պահպանումին։
Քանի՜-քանի՜ անգամ հայը զրկուած է իր անկախ պետականութենէն, դառնակսկիծ ողբացած՝ բազմիցս զգետնուած իր տածած յոյսերուն եւ փայփայած երազներուն համար, ինչքա՜ն յաճախ ան դարձած է պատմութեան ականատես վկան՝ իր անձին աւիւնով ծաղկած աւաններու եւ աշխատանքին արդար քիրտով կառուցած քաղաքներու կործանումին։ Ան եղած է վտարանդի եւ պանդուխտ աշխարհի չորս ծագերուն՝ ոչ միայն իր ունեցած աշխարհագրական անբարենպաստ դիրքին, զինք շրջապատող հզօր թշնամիներու ներխուժումներուն ենթարկուելուն, այլ նաեւ ոչ սակաւ իր իսկ թոյլ տուած քաղաքական եւ նկարագրային կրկնուող սխալներուն հետեւանքով։
Թերթենք հայոց պատմութեան էջերը եւ պիտի տեսնենք, որ վերոյիշեալ քաղաքական եւ հաւաքական թերութիւններուն մէջ ամենաօրհասականը եղած է հայուն անմիաբանութիւնը, Եղիշէի բնութագրումով՝ ծնողը չար գործերու։ Փաստ մը, որմէ օգտուած է միայն օտարը, իր քաղաքական-տնտեսական շահերուն ծառայեցնելով հայուն ե՛ւ մտքին թռիչքը, ե՛ւ մկաններուն ուժը, ե՛ւ մայր հողին բարիքը՝ ամբողջ արգասիքը անոր շինարար եւ ստեղծագործ ոգիին։
Հին եւ նոր կարգախօս է դիւանագիտութեան մէջ ըսել «բաժնէ՛, որ տիրես»։ Ան թշնամիին գործածած ազդու զէնքն է՝ տկարացնելու իր ոսոխը, զայն ներքնապէս բարոյազրկելու, ընդերքէն քայքայելու եւ առանց մեծածախս դժուարութեան՝ տիրելու անոր։ Սակայն դիւանագիտութեան այս զէնքը ընդհանրապէս կը բանի հոն, ուր բոյն դրած են անմիաբանութիւնը, կեդրոնախոյս ձգտումները փոքրոգի եւ թուլասիրտ մարդոց, տիրադաւ ու եղբայրասպան կռիւները «արիութեան եւ քաջութեան մէջ վախկոտութիւն խառնողներուն»։
Արդարեւ, հայոց պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի փաստերով ե՛ւ Արշակունեաց, ե՛ւ Բագրատունեաց, ե՛ւ Ռուբինեանց, ինչպէս նաեւ յետագայ շրջաններուն, ընդհուպ մինչեւ մեր օրերը։ Ժամանակի անիւը իր ծիրին շուրջ լայնօրէն պտըտած է պատմական դէմքերու եւ դէպքերու այնպիսի՛ շլացուցիչ կրկնութիւններով, որ կարծէք պատմութեան լայն պաստառին վրայ ընդամէնը թուականներ փոխուած են, մինչդեռ մնացածը գրեթէ ամբողջութեամբ հանդիսացած է նմանօրինակութիւն մը։
Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ Հայաստանի Ա. բաժանումը((Տե՛ս Փաւստոս Բիւզանդ, Հայոց Պատմութիւն, հրտ. Ստ. Մալխասեանցի, Գահիրէ, 1954, էջ 395-397; Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, աշ. Մ. Աբեղեան եւ Ս. Յարութիւնեան, Երեւան, 1991, 310-311; Ղազար Փարպեցի, Պատմութիւն Հայոց եւ Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան, Երեւան, 1982, էջ 27-28։)) 387 թուականին իրականացաւ,– թո՛ղ օտարին գերակշռող ուժը,– որովհետեւ հայ նախարարական տուները չկրցան ստեղծել կեդրոնաձիգ միութիւն մը՝ համախմբուած արքունի գահին շուրջ։ Անոնք պառակտուած էին քաղաքական եւ մշակութային զոյգ հոսանքներու՝ պարսկական եւ բիւզանդական ազդեցութիւններու միջեւ։ Այն, որ տոհմիկ էր ու կը ներկայացնէր համազգային արժէք մը, քիչերն էին, որոնք կը գնահատէին անոր գերազանց կարեւորութիւնը հայ ինքնութեան, ազգին եւ պետութեան պահպանման հեռանկարով։ Փոքրամասնութեան մէջ գտնուող այս դրական ուժերուն քով երկրին վերնախաւը իր հակաշռին տակ առած ներհակ եւ բացասական հոսանքը այնքա՜ն ազդեցիկ դարձած էր, որ այլեւս անկարելի էր որեւէ ձեւով կասեցնել անոր աղիտալի արկածախնդրութիւնը։
Միանգամայն աւելորդ չէ այստեղ վերակոչել այն վկայութիւնը, որ աւանդած է մեզի Ե. դարու պատմիչը.
«Արշակի թագաւորութիւնը կարգին չկրցաւ հաստատուիլ երկրին մէջ, այլ Հայոց նախարարներէն շատերը զատուեցան գացին Պարսից թագաւորին մօտ, Հայոց աշխարհը անոր մատնեցին եւ խնդրեցին անկէ Արշակունի (նոր) թագաւոր մը։ Ան մեծ ուրախութեամբ յանձն առաւ իր կողմէ եւ իր խօսքով (նշանակել նոր թագաւոր մը) Հայոց նոյն Արշակունի թագաւորներու տոհմէն եւ անոր միջոցով իրեն ենթարկել Հայոց աշխարհը։ Ապա ան գտաւ նոյն տոհմէն երիտասարդ մը Խոսրով անունով, անոր գլխուն թագ դրաւ եւ անոր կնութեան տուաւ իր Զրուանդուխտ քոյրը, իր բոլոր զօրքերը անոր հետ դրաւ եւ Զիկ նուիրակը դաստիարակ (իմա՝ խորհրդատու) նշանակեց Խոսրով թագաւորին։ Այսպէս անոնք ելան եկան Հայոց աշխարհը։ Արշակ թագաւորը երբ տեսաւ զանոնք՝ տեղի տուաւ, քաշուեցաւ գնաց Յունաց սահմանները։ Եւ թիկունք եղան Արշակ թագաւորին Յունաց թագաւորը, իսկ Խոսրովին՝ Պարսից թագաւորը։
[…] Ապա Յունաց եւ Պարսից թագաւորները խորհրդակցելով իրարու հետ՝ համաձայնութեան եկան։ Անոնք յարմար նկատեցին նախ Հայոց աշխարհը իրարու միջեւ երկու մասի բաժնել։ Անոնք կ’ըսէին. ʽՄեր երկուքին միջեւ ինկած է այս հզօր եւ հարուստ թագաւորութիւնը. լաւ կ’ըլլայ, որ այս ձեւով տկարացնենք ու խանգարենք այս թագաւորութիւնը. նախ երկու մասի բաժնենք այս երկու Արշակունի թագաւորներով որոնք նշանակեցինք, յետոյ կ’աշխատինք զանոնք ալ սահմանափակել, աղքատացնել եւ մեր ծառայութեան ենթարկել, որպէսզի չկարենան մեր մէջ գլուխ բարձրացնելʼ։
[…] Այն ժամանակ Հայոց թագաւորութիւնը բաժնուեցաւ, ցրուեցաւ, տկարացաւ եւ ինկաւ իր նախկին մեծութենէն»։((Հմմտ. Փաւստոս Բիւզանդ, Անդ, էջ 395-396։))
Ի դէպ, այդ նոյն նախարարներն էին, որոնք Խոսրով Գ.-էն նմանապէս դժգոհելով՝ բողոք յարուցին պարսից թագաւորին՝ գահընկէց ընելու զայն, իբրեւ թէ կաթողիկոսական Աթոռին նշանակած էր Սահակ Պարթեւի նման լուսապսակ անձ մը, որուն ոչ պակաս քան Մաշտոցին կը պարտինք Ոսկեդարու հոգեւոր-մշակութային անզուգական երկունքը։
Մայրամուտը Արշակունեաց հարստութեան, կորուստը հայոց պետութեան 428 թուականին, կը կազմեն մեր պատմութեան ամենատխուր էջերէն մին։ Այստեղ եւս թշնամիին համար ուրիշ ոչ ոք նախապատրաստեց հայոց թագաւորութեան կործանման եւ երկրի թշուառութեան նախապայմանները, բացի իրենց տոհմային եւ ընտանեկան առաւելութիւնները ազգի ու հայրենիքի գերագոյն շահերէն աւելի բարձր դասող եւ անհեռատես քաղաքականութիւն վարող հայ նախարարներէն։
Դժգոհ՝ Վռամշապուհ թագաւորին յաջորդած Արտաշէս Դ.-ի վարքէն, հայ նախարարները կը ներկայանան Սահակ կաթողիկոսին՝ թագաւորը գահընկեց ընելու անփառունակ ծրագրով։ Պարթեւ հայրապետը՝ Ս. Սահակ, կանխատեսելով վերահաս վտանգը, ոչ միայն կտրականապէս կը մերժէ միաբանիլ անոնց, այլ ընդհակառակը՝ կը յորդորէ ընդունիլ սեփական թագաւորը հանդերձ իր թերութիւններով, զօրավիգ ըլլալ անոր, յուսալ աւելի բարւոք լուծումներ գտնել, քան քանդել եղածը, ան ալ ոսոխին ձեռքով, եւ թոյլ չտալ Հայոց աշխարհի մղձաւանջային օրերուն քաղաքական այնպիսի՛ ծանրակշիռ սխալ մը, որ կրնայ ճակատագրական աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ թէ՛ ներկայի, եւ թէ՛ ապագայի համար։
Հայ Եկեղեցւոյ այս պատկառազդու անձնաւորութեան՝ Ս. Սահակ հայրապետի խրատը այնքա՛ն ուսանելի կէտեր ունի այսօրուայ հայ իրականութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչուած, որ միանգամայն յարմար կը նկատեմ մեր պատմիչներու վկայութենէն զանոնք մէջբերել ստորեւ.
«Հայոց Արտաշիր թագաւորը սկսաւ այնչափ անառակ ցանկութիւններու մէջ թաղուիլ, այն աստիճան, որ բոլոր նախարարները անկէ զզուեցան։ Անոնք եկան Մեծն Սահակի մօտ, բողոք բարձրացուցին եւ զայն հրաւիրեցին օգնելու իրենց, որպէսզի Պարսից թագաւորին առջեւ (Արտաշիր թագաւորին) դէմ չարախօսելով՝ գահընկեց ընեն ու պարսիկ մը բերեն կառավարելու համար (Հայոց) աշխարհը։ Իսկ (Մեծն Սահակը այս լսելով) ըսաւ. ʽՉեմ ուզեր հերքել ձեր ըսածները, ես ալ լսած եմ անոր ցաւալի, ամօթալի կենցաղավարութեան մասին, շատ անգամ յանդիմանած եմ, բայց ան ուրացած է։ Արդ, պէտք է ժամանակ մը տանիլ այդ մարդուն թերութիւնները, մինչեւ մտածենք (ուրիշ) ելք մը գտնել Յունաց Թէոդոս կայսեր միջոցով, բայց ոչ թէ մատնել զայն անօրէններուն ձեռքը եւ իյնալ ծաղր ու խայտառակ վիճակի մը մէջʼ։
Իսկ անոնց (նախարարներուն) ուզածը այս չէր, անոնք կը ջանային իրենց համախորհուրդ դարձնել զինք։ Բայց ան ըսաւ. ʽՔաւ լիցի, որ ես իմ մոլորած ոչխարը մատնեմ գայլերուն, որ ես չպահեմ բեկուածը կամ հիւանդացածը, այլ գահավէժ ընեմ… Թէպէտ ան անառակ է, սակայն դրոշմուած է աւազանով, պոռնիկ՝ բայց քրիստոնեայ է, մարմնով ապականած է, բայց անհաւատ չէ հոգիով, բարքով զեխ է, բայց ոչ՝ կրակապաշտ, թուլութիւն ունի կանանց հանդէպ, բայց երկրպագու չէ տարերքին։ Եւ ինչպէ՞ս կարելի է իմ այդ ախտաւոր ոչխարը փոխել առողջ գազանին հետ, որուն առողջութիւնը մեզի համար ստոյգ պատուհաս էʼ։
Բայց նախարարները մտածելով, թէ (կաթողիկոսը) զիրենք խաբելու նպատակով այդպէս կը խօսի, որպէսզի յետաձգել տայ իրենց ծրագիրը եւ զգուշացնէ թագաւորը, միաբերան կ’ըսեն. ʽՔանի որ դուն մեզի հետ չուզեցիր համաձայնիլ, որ ան չթագաւորէ, ահա մենք ալ չենք ուզեր, որ դուն քահանայ ըլլաս մեր վրայʼ։ Եւ բոլորը միաբանութեամբ ելան գացին Պարսից Վռամ թագաւորին մօտ, ոմն փառամոլ քահանայի մը՝ Արծկեացի Սուրմակին հետ, չարախօսելու իրենց Արտաշիր թագաւորի եւ Մեծն Սահակի դէմ, թէ անոնք հակած են դէպի յոյներուն կողմը»։((Հմմտ. Խորենացի, անդ, էջ 346-347:))
Արդարեւ, հայ նախարարները ոչ միայն իրենց հիւանդ գառը մատնեցին օտարի առողջ գայլին, այլ նաեւ իրենց բարի հովիւը՝ Ս. Սահակ Պարթեւը, որ կաթողիկոսական Աթոռին վրայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պարթեւական եւ Մամիկոնեան տոհմերէն սերող վերջին ներկայացուցիչն էր։ Պարսից Վռամ Ե. Թագաւորը, առիթէն օգտուելով, վերջ դրաւ Արշակունեաց թագաւորութեան՝ գահընկեց ընելով Արտաշէս Դ.-ը եւ միաժամանակ աթոռազրկելով Սահակ կաթողիկոսը՝ Արտաշէսը պաշտպանած ըլլալուն համար։
Փաստoրէն հայոց թագաւորութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ պարսիկներու դարաւոր պայքարը, որ միշտ անյաջողութեան մատնուած էր հայոց բանակի եւ նախարարներու դիմադրութեան շնորհիւ, ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ոչ թէ թշնամիներու, այլ ուղղակի հայ նախարարներու ձեռքով:
Դիպուկ է Խորենացիին քով նախարարներուն եւ Արծկեացի Սուրմակ երէցին կողմէ Պարսից Վռամ Ե.-ին մօտ Արտաշէս Գ.-ին եւ Սահակ Պարթեւին դէմ ներկայացուած չարախօսութեան բնոյթը, որ ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ բարոյական հիմք ունի, այլ ունի զուտ քաղաքական հէնք, թէ «զՅունօք գլեալ խորհրդովն»((Տե՛ս նոյնը, էջ 347:)), այսինքն՝ հայոց արքան եւ կաթողիկոսը «յոյներու կողմը հակած են»։
Սակայն սոյն իրադարձութիւնները պահ մըն ալ հարկ է քննարկել այլ ենթահողի մը վրայ։ Պատմական իրողութիւնը այն է, որ Սասանի ցեղէն Արտաշիր Ա.-ը արդէն 224 թուականին պատերազմելով պարթեւներու արքայից արքայ Արտաւանի դէմ՝ պարտութեան մատնած էր զայն, եւ 226-ին ալ գրաւելով Տիզբոն մայրաքաղաքը՝ ամբողջ պետութիւնը ենթարկած էր իրեն եւ, այսպէս, հիմնած Սասանեան հարստութիւնը։ Այդ օրէն սկսեալ, երբ Պարսկաստանի մէջ պարթեւ Արշակունիները արիւնալի վայրագութեամբ կը հալածուէին, Հայաստանի մէջ անոնց տոհմը տակաւին կը գոյատեւէր շուրջ երկու հարիւր տարի։ Բնականաբար Սասանեանները հաշտ աչքով չէին դիտեր իրենց քաղաքական ազդեցութեան ոլորտին մէջ գտնուող Արշակունեաց թագաւորութեան հայկական ճիւղը, ուստի դարանակալ կը սպասէին պատեհ առիթը՝ զայն կա՛մ ռազմական, կա՛մ ալ դիւանագիտական նենգութեան միջոցով միանգամընդմիշտ բարձնելու, հնարաւոր վտանգի կամ մրցակցութեան մը առաջքը վերջնականապէս առնելու համար։ Այս նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ լուրջ խոչնդոտ մըն էր, անշուշտ, Հայ Եկեղեցին, որուն գահակալները, իրենց ներկայացուցած կրօնական տարբերութենէն բացի, ոչ ուրիշ ցեղի՝ այլ պարթեւական ազգի ժառանգորդներ էին, որոնք նաեւ Յուսիկ Ա. կաթողիկոսի Տիրան թագաւորի դստեր հետ ունեցած ամուսնական կապով բարեկամացած էին Արշակունիներու արքայատոհմին հետ։
Անշուշտ պարսից արքունիքը քաջ գիտէր, թէ ոգեկան ուժի ինչպիսի՛ աղբիւր էր Հայ Եկեղեցին իր պետականութենէն զրկուող հայութեան համար, եւ թէ որքա՜ն մեծ ազդեցութիւն կրնային ունենալ Ս. Սահակի նման հեռատես եւ իրենց հօտին պահպանութեամբ մտահոգ հայրապետներ հայ ժողովուրդի ինքնութեան զարգացման վրայ։ Ուստի պարսից արքունիքը կը միտէր հայութեան աչքին գործնականօրէն հեղինակազրկել Լուսաւորչի Գահը՝ անոր վրայ բազմեցնելով Սուրմակ երէցի, Բրքիշոյի եւ Շմուէլ ասորածին եպիսկոպոսներու նման հայու ոգիին խոտոր օտարազգիները։
Բնական է, որ ի վերջոյ հայ նախարարներուն ալ պիտի պարզուէր ճշմարիտ եւ վարձկան հովիւներու միջեւ հսկայ տարբերութիւնը։ Շմուէլի մահէն ետք, 437 թուականին, անոնք կը դիմեն Ս. Սահակին, որ վերստին յանձն առնէ կաթողիկոսութիւնը՝ խոստանալով ձեռք բերել պարսից արքունիքի համաձայնութիւնը։ Սակայն Բագրեւանդ քաշուած եւ տեղի Ս. Յովհաննէս վանքին մէջ աղօթքի եւ ճգնութեան նուիրուած ծերունի կաթողիկոսը այնքան վիրաւորուած էր անցեալի չարաբաստիկ դէպքերէն, հայ նախարարներու չարաղէտ ընթացքէն, որ կը մերժէ անոնց խնդրանքը ու դառնացած՝ կտրուկ շեշտով մը կը պատասխանէ. «Չեմ ուզեր քահանայանալ տիրանենգ, տիրասպան եւ մատնիչ ժողովուրդի մը վրայ»։((Տե՛ս Փարպեցի, անդ, էջ 64:))
Որքա՜ն կսկիծ եւ հիասթափութիւն կայ Ս. Սահակի վերոյիշեալ խօսքերուն մէջ, բայց միեւնոյն ատեն՝ դառն ճշմարտութի՛ւն։
Բագրատունեաց թագաւորութեան գոյատեւման վերջին տարիները նմանապէս կ’անցնին յունադաւան եւ հայադաւան իշխաններու ինքնակործան պայքարի ճամբով։ Յատկանշական է, որ այս անգամ ոչ թէ Սահակ կաթողիկոսի նման դրական հեղինակութիւն մը կը յառնի հայոց պատմութեան այդ վճռորոշ պահուն, այլ, յանձին Պետրոս Ա. Գետադարձ((Ներկայիս Մայր Աթոռի հետ կապ ունեցող հայրենի որոշ պատմաբաններ կը ջանան զանազան փորձերով արդարացնել Պետրոս Ա. Գետադարձը եւ անոր վրայէն ջնջել պատմութեան խարանած «դաւաճան»-ի կնիքը։ Ժամանակին նման մօտեցում մը ցուցաբերած էր նաեւ Մաղաքիա արքեպս. Օրմանեանը, անոր վերագրուող ջրօրհնէքի մը հրաշագործութեան պատմութիւնը եւ մեր մատենագրութեան մէջ արդիւնական հեղինակ մը հանդիասանալու փաստերը համարելով անհամատեղելի դաւաճանի մը դերակատարութեան հետ։ Եկեղեցամէտ շրջանակներու սոյն փորձը դժուար թէ ըլլայ ընդունելի անաչառ պատմագիտութեան առջեւ, ցորչափ պատմական նոր վկայութիւններ տակաւին չեն նպաստեր Պետրոս Ա. Գետադարձի արդարացումին։)) կաթողիկոսի, միանգամայն բացասական կերպար մը, որ Վեստ Սարգիսի եւ այլ ազգադաւ իշխաններու հետ համագործակցելով՝ քաղաքամայր Անին կը յանձնէ բիւզանդացիներուն։
Պետութեան եւ ազգին դէմ այս կարկառուն դաւաճանութիւնն ալ մեր պատմութեան սրտաճմլիկ եւ ամենատխուր եղելութիւններէն մէկը կը կազմէ։ Այդ դարաշրջանի ժամանակագրութիւնը աւանդող Մատթէոս Ուռհայեցի պատմիչը, առանց այլեւայլի, խորազգած կը վկայէ պատմական իրողութիւնը, թէ Աստուծոյ նկատմամբ փրկարար երկիւղը կորսնցուցած հոգեւորականներն ու իշխանները կեղծ երդում տալով հայոց Գագիկ Բ. թագաւորին՝ կը համոզեն զինք ընդունելու Բիւզանդիոնի Կոստանդին Թ. Մոնոմախոս կայսեր հրաւէրը եւ երթալու Կ.Պոլիս՝ բանակցելու համար անոր հետ։ Եւ երբ Գագիկ Բ. Կ.Պոլիս կը հասնի, իսկոյն կը ձերբակալուի կայսեր կողմէ, մինչ յունամէտ աւազակաորջին մաս կազմող հայ աւագանին, գլխաւորութեամբ Վեստ Սարգիս իշխանի եւ Պետրոս Ա. Գետադարձի, «որոնք (Գագիկ Բ.-ին հաւատարմութեան) Աստուծոյ արիւնով (այսինքն՝ Ս. Հաղորդութեան վրայ) սոսկալի երդում տուած էին, Անի քաղաքի քառասուն բանալիները Մոնոմախոս կայսրին ուղարկեցին, հանդերձ նամակով մը, թէ Անի քաղաքը եւ ամբողջ Արեւելքը քու (սեփականութիւնդ) դարձաւ((Մատթէոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն, աշխ. թարգ. եւ ծանօթ. Հրաչ Բաթիկեանի, Երեւան, 1991, էջ 105։))… Յոյները աստիճանաբար Հայոց երկրէն հեռացուցին քաջ զինուորականները, զանոնք կտրեցին իրենց տունէն ու գաւառէն եւ կործանեցին Հայոց թագաւորութիւնը»։((Մատթէոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն, անդ, էջ 149:))
Այսպէս իրագործուեցաւ հայերու ձեռքով հայոց թագաւորութիւնը կործանելու բիւզանդական նենգամիտ քաղաքականութեան ծրագիրը։ Բայց եթէ երբեք Վանի, Անիի, Կարսի, Գուգարքի եւ հայկական այլ թագաւորութիւնները, նաեւ իրական ուժ ունեցող նախարարները բռունցքուէին, կեդրոնաձիգ ուժերով համախմբուէին հայոց պետականութիւնը խորհրդանշող թագաւորական գահին շուրջ, ապա թերեւս կարողանային դիմագրաւել ժամանակի ռազմաքաղաքական ծանրածանր հարուածները՝ հակազդելով թէ՛ բիւզանդացիներուն եւ թէ՛ սելճուքներուն։
Աւա՜ղ, տարբեր չեղաւ պարագան նաեւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան` Ռուբինեանց օրերուն. յար եւ նման հակառակութիւններ, այս անգամ՝ լատինամոլներու եւ ազգային դիրքեր պաշտպանողներու միջեւ։ Այս բոլոր պայքարներն ալ եղած են ի վերջոյ ներքին անմիաբանութեան եւ երկրին սպառնացող մօտալուտ վտանգը թերագնահատելու պատճառով, եւ ունեցած են իրենց ծանր անդրադարձը թէ՛ հայոց պետականութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդին վրայ։ Ներքին պառակտուածութեան հետեւանքով ոչ միայն վերացած են հայկական թագաւորութիւնները, թշուառութեան մատնուած ժողովուրդը դարձած վտարանդի իր պապենական հողերէն, այլեւ բռնագրաւուած եւ յափշտակուած է երկիրը` Միջերկրականի գեղածիծաղ ափերէն մինչեւ Մասեաց կատարը։ Այսօր, գէթ հայոց գոյութեան յաւիտենական խորհրդանիշը` աստուածաշնչական մեր սրբազան Արարատ լեռը կ’ըլլար Հայաստանի տարածքին մէջ, եւ քաղաքամայր Անին, նուիրական դամբարանը Բագրատունեաց արքաներուն, աւերակաց ստուերին մէջէն չէր դիտեր սահմանին փշալարերը ու կարօտով չէր ճմլեր մեր արնաքամ սիրտը։
Մենք ունեցած են պատմական Հայաստան մը, որուն տարածքը շուրջ 400.000 քառ. քլմ. ընդգրկած է եւ որ պատմականօրէն կոչուած է ո՛չ արեւելեան Թուրքիա եւ ո՛չ ալ Անաթոլիա, այլ միանշանակ՝ Հայկական Բարձրաւանդակ։ Վերոյիշեալ հսկայ տարածաշրջանէն՝ պատմական Հայաստանէն հետզհետէ սահմանափակուելով մեզի մնացած է Հայաստանի Հանրապետութեան 29.743 քառ. քլմ., իսկ հազարաւոր ազատամարտիկներու թափած արիւնով եւ Սեպտեմբեր 1991-ի հռչակագրով ազատագրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 11.458 քառ. քլմ. կազմող հողատարածք մը։ Փաստօրէն, հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին կորսնցուցած է իր պատմական հողերուն 90 տոկոսը։ Եթէ քաջութիւնը ունենայինք պահ մը մեր գիտակցութեան պրիսմակին մէջ բարձրագոյն յստակութեամբ ըմբռնել այս իրողութիւնը, թերեւս ոչ միայն հոգեկան մեծ ցնցում մը պիտի համակէր մեզ, այլ պիտի դառնայինք ուղղակի շանթահար՝ մեր պատկերացումը գերազանցող այս տխուր փաստին դիմաց։
Բաց աստի, տեղին է այստեղ նշել, որ 2000 տարի առաջ պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ ապրող հայ ազգաբնակչութեան թիւը շուրջ 2,5 միլիոն եղած է։ Այդ ժամանակ ամբողջ աշխարհի բնակչութեան թիւը կազմած է շուրջ 300 միլիոն։ Այսինքն՝ աշխարհի 120 բնակիչներէն մէկը անպայման հայ եղած է։ Ներկայիս Երկիր մոլորակին վրայ ապրող մարդկութեան թիւը 7,4 միլիառ կը հաշուըուի, որուն մօտաւորապէս 3 միլիոնը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն մէջ կ’ապրի։ Հայ ազգաբնակչութեան վերոնշեալ թիւին հետ եթէ նկատի ունենանք սփիւռքահայութեան քանակն ալ, ապա ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող հայութեան թիւը մօտաւոր հաշուարկով 10 միլիոնի կը հասնի։ Եթէ երբեք հայ ազգաբնակչութեան թիւը աշխարհի բնակչութեան աճի միջինին համապատասխան զարգացում մը արձանագրէր, ապա ներկայ վիճակով հայութեան թիւը աւելի քան 60 միլիոն պիտի ըլլար։ Բազմանալու, հզօրանալու եւ մեր ունեցածը պահելու փոխարէն, մենք նահանջած ենք ամենայն իմաստով՝ հայրենի հողատարածքի շուրջ 358.799 քառ. քլմ.ի եւ հայ բնակչութեան 50 միլիոն աճի կորուստով։ Կը կարծեմ, որ այս հաշուարկը յաւելեալ մեկնաբանութիւններու չի կարօտիր։
Միայն օտարը մեղադրել՝ վայրագ թշնամին, ապարդիւն է։ Ընդհակառակը՝ մենք մեզի հարց պէտք է տանք, թէ ինչո՞ւ համար չկրցանք պահել այն, ինչ որ ունէինք, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար մեր հարցադրումին տալ ներկայի եւ ապագայի հանդէպ ուղղուածութիւն մը, թէ ինչպէ՞ս պահել գոնէ անիկա, որ հիմա ունինք։ Առնուազն հիմա՛ այլեւս սորված պէտք է ըլլայինք, թէ ունենալ եւ ունեցածը կարենալ պահել՝ տարբեր երեւոյթներ են, իսկ հայրենասիրութիւնը՝ աւանդը ճիշդ գնահատելու, զայն մշակել կարենալու եւ սերունդներուն փոխանցելու նուիրական յանձնառութիւն է։
Այս առնչութեամբ ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենավճռորոշ փուլերուն, մահու եւ կենաց, լինելու եւ չլինելու շրջադարձային պահերուն, մեծաւ մասամբ հայութեան ամենադրական ուժերը համախմբուելով բռունցքուելու եւ երկրին ճակատագիրը իրենց ձեռքը առնելու փոխարէն,– խոնարհելով բացառութիւններուն առջեւ՝ Սարդարապատի հերոսամարտ, ղարաբաղեան շարժում, անկախութեան հռչակում, եւ այլն,– միաբանած են բոլոր բացասական կերպարները եւ յաջողած բռնագրաւել ազգին ղեկը՝ թշնամիին զիջելով մեծ տարածաշրջաններ, վտանգած են երկրին ապագան, իսկ ժողովուրդը նետած անորոշութեան, նոյնիսկ գերեզմանի մութ փոսին մէջ։
Ունենալ տարբեր համոզումներ, պատկանիլ քաղաքական այս կամ այն հոսանքին, քալել այլ ուղղութիւններով՝ իրաւունքն է իւրաքանչիւր անհատի եւ բարոյախօսական նուաճումը քաղաքակիրթ աշխարհի։ Բայց հարուածել պարտին բոլորը միասնաբար, երբ վտանգուած են ազգին, պետութեան եւ հայրենիքին գերագոյն շահերը։ Մէ՛կ մարմին, մէ՛կ հոգի, մէ՛կ բռունցք դարձած դիմագրաւել արտաքին վտանգը՝ մեծագոյն առաքինութիւնն է խաղաղասէր ազգերու, որոնք պաշտպանելով իրենց սեփական երկրի եւ գոյութեան ապահովութիւնը՝ պաշտպանած կ’ըլլան նաեւ ուրիշ ազգերու անվտանգութիւնը։
Ազգային գերագոյն շահերու գիտակցութիւնը, հայրենիքի ըմբռնումը, նորանկախ պետութեան մը կայացումն ու անվտանգութիւնը գերիվեր են ամէն տեսակ նեղ կուսակցական եւ անհատական շահերէ։ Ծառայել այս մնայուն արժէքներուն, ի հարկին վեր բարձրանալ յարանուանական սահմանափակումներէ՝ հաւատարիմ մնալու համար վերոնշեալ այս հիմնական սկզբունքին, կտրուկ հրամայականն է պատմութեան՝ դրուած իւրաքանչիւր հայ անհատի խղճին ու արժանապատուութեան առջեւ։
Պատմական իրարայաջորդ դէպքերու ահարկու ալիքներ, միացած բնութեան նոյնքան ահաւոր աղէտներու հետ, շարունակ խուժած են մեր հայրենի բնօրրանը՝ ժողովուրդը բնաջնջելու, աստանդելու եւ վերածելու անճանաչելի բեկորներու։ Մեր մատենագրութիւնը եւ յատկապէս գրչագիրներու աւանդած բազմաթիւ յիշատակարանները իսկական մարտիրոսագրութիւններ են պատերազմներու, մահերու, աւերներու, աւարներու, կեղեքումներու, հարկահաւաքութիւններու, տեղահանութիւններու, սովերու, սրածութիւններու, երկրաշարժներու եւ հեղեղներու մասին։ Բայց մեր պատմութեան խորհրդաւոր հակասութիւնը այն է, որ դարերու քառուղիներուն մէջ հայը միեւնոյն ատեն ցուցաբերած է ցեղային այնպիսի տոկունութիւն եւ պայքարելու աննահանջ ոգի մը, որ զինք նուաճած բարբարոս ազգերէն ոչ մէկը կրցած է զինք լլկել, կամ ստրկացնել անոր ազատատենչ էութիւնը։ Եւ ի զուր չէ, որ Վերկիլիոս իր Էնէական-ին մէջ Արաքս գետին անդրադառնալով՝ կ’ըսէ. «Pontem indignatus Araxes», այսինքն՝ «Արաքսը, որ [իր վրայ] կամուրջներ չի հանդուրժեր»։ Հռոմէացի մեծ բանաստեղծին այս համեմատութիւնը իր փոխաբերական իմաստով ամբողջապէս յարիր է հայ ժողովուրդի նկարագրին։
Արդարեւ, 23 Օգոստոս 1990 թուականին Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի ընդունած Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, ապա Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութենէն դուրս գալու 21 Սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէի իրականացումը, այնուհետեւ՝ 23 Սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի անկախ պետութեան հռչակումը, ժամանակի մեզի ուղղած մեծագոյն յորդորներն են մեր պատմութենէն իմաստութեամբ սորվելու՝ այսուհետեւ անցեալին մէջ գործուած սխալները չկրկնելու համար։
Հայը չերկմտեցաւ Խորհրդային Միութեան փլատակներուն վրայ վերականգնելու իր անկախ պետութիւնը, որ 5 Յուլիս 1995-ի համաժողովրդական հանրաքուէով ընդունուած Սահմանադրութեամբ իրաւականօրէն ամրագրուեցաւ որպէս ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական պետութիւն։
Ժողովրդավարութիւնը ժողովուրդի կամքով ձեւաւորուող եւ անոր շահերը պաշտպանող իշխանութեան համակարգ է: Ընտրելով պետական կառավարման այս ձեւը՝ մեր ժողովուրդը որոշեց իր կեանքը եւ ազգերու ընտանիքին մէջ իր իրաւունքները տնօրինել քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ պետական իշխանութեան իրականացման ամենատարածուած ձեւով։ Սոյնը կը նշանակէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան միակ տէրը ժողովուրդն է, որ որոշակի ժամկէտով կ’ընտրէ իր ներկայացուցիչները՝ երկիրը կառավարելու համար: Կառավարութեան բոլոր ներկայացուցիչները, հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ վերջին նախարարը, պարտաւոր են ծառայելու զիրենք ընտրած եւ երկրին քաղաքական իշխանութիւնը իրենց վստահած ժողովուրդին։ Արդէն նախարար բառակապակցութեան լատիներէն համարժէք բառը minister-ն է, որ ունի ոչ ուրիշ իմաստ, այլ միանշանակ՝ ժողովուրդին ծառայող։
Ժողովրդավարական պետական իշխանութեան իրականացման զոյգ ձեւերուն առթիւ, ըլլայ անմիջական ժողովրդատիրութեամբ,– ինչպէս Զուիցերիոյ պարագան է,– կամ ըլլայ ներկայացուցչական ժողովրդատիրութեամբ,– ինչպէս Գերմանիոյ, նաեւ այլ երկիրներու պարագան է,– ժողովուրդը իր կամքը կ’արտայայտէ իր ընտրաձայներու իրաւունքով։ Իւրաքանչիւր քաղաքացի ընտրելու իր ազատ իրաւունքը կիրարկելով՝ կ’որոշէ, թէ ո՛վ պիտի ներկայացնէ զինք իր երկրի պետական ղեկավարութեան մէջ, նաեւ հասարակութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող որոշումներ կ’որդեգրուին Սահմանադրութեամբ ամրագրուած հանրաքուէներու կամ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած մարմիններու միջոցով: Բոլոր պարագաներուն, ժողովրդավարութիւնը կ’ենթադրէ ժողովուրդի գերիշխանութիւնը պետութեան վրայ: Բնականաբար, սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով սահմանուած ժողովրդավարական չափանիշները կրնան այն երկիրներուն մէջ արդիւնաւէտ դառնալ, ուր բարձր է ժողովրդավարութեան վերաբերեալ հասարակութեան գիտակցութիւնը, կամ հասարակութիւնը միանշանակ ձեռք բերած է քաղաքացիական լիարժէք հասունութիւն մը:
Ժողովրդավարութիւնը անոր համար է, որ երկրի պետական աւագանին կազմելու համար լաւերուն մէջ ընտրուի լաւագոյնը։ Ժողովրդավարութիւնը անոր համար է, որ պետութեան աւագանին ծառայէ երկրի շահերուն եւ իրեն վստահուած հեղինակութեամբ ու պաշտօնով ապահովէ ընդհանուրին բարօրութիւնը, երաշխաւորէ հասարակական կեանքի հիմնական արժէքները, քաղաքացիական, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքները։ Ժողովրդավարութիւնը անոր համար չէ, որ քաղաքացին ընդամէնը իրաւունք ունենայ ընտրելու իր սեփական բռնակալը, ոչ ալ անոր համար՝ որ արկածախնդիր ու ամբոխավար մարդիկ, ընտրաձայներու մեծամասնութիւնը չարաշահելով, երկրին իշխանութիւնը ի նպաստ իրենց անձնական փառքին, շահերուն եւ նիւթական հարստացումին համար օգտագործեն՝ անդունդի եզրին հասցնելով ազգ, պետութիւն եւ հայրենիք։
Մարդկային իրաւունքը անոր համար է, որ իւրաքանչիւր անհատ հասարակութեան մէջ գերազանցապէս իրաւունք ունենայ տիրանալու մարդկային իր անկապտելի արժէքներուն՝ սեփական գոյութիւնն ու ընտանիքը զարգացնելու, աշխատանքի հնարաւորութիւններ ապահովելու, անձնական կեանքը արժեւորելու եւ զայն արդիւնաւորել կարենալու իրաւահաւասար սկզբունքներով։ Մարդկային իրաւունքը անոր համար չէ, որ «իրաւունք» յորջորջումին տակ կարելի ըլլայ թոյլ տալ ամէն քաղաքական սանձարձակութիւն կամ կամայականութիւն։ Իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն ու ազատութիւնը հոն կ’աւարտին, երբ կը սկսին ուրիշի մը իրաւունքն ու ազատութիւնը՝ ազգին ընդհանուր շահերը եւ երկրին անվտանգութիւնը։
Յաւարտ բանիս, նորէն նկատի ունենանք ոսկեղենիկն Եղիշէի խորիմաստ խրատականը միաբանութեան մասին եւ Չարենցի սրբազան պատգամը՝ մեր փրկութիւնը գնահատելու հայութեան հաւաքական ուժին մէջ. զանո՛նք դարձնենք կարգախօսը մերօրեայ կեանքին ու այդպէս մօտենանք մեր հինաւուրց հայրենիքին եւ նորանկախ պետութեան։
Իմաստութեամբ սորվինք սեփական պատմութենէն եւ իւրացնենք խոհեմութիւն՝ չկրկնելու համար անցեալին մեր թոյլ տուած ծանրակշիռ սխալները, որպէսզի ստիպուած չըլլանք քերթողահայր Խորենացիին բառերով կեանքի կոչելու իր ժողովուրդի աքսորն ու երկրին կործանումը տեսնող Հին Ուխտի այն մեծ մարգարէն, եւ անոր հետ ողբալու դեռ չկործանած մեր ներկան եւ մահահոտ ապագան. «Զարթի՛ր, Երեմիաս, զարթի՛ր եւ ողբա՛… որ ինչ թշուառացաքս եւ որ ինչ թշուառանալոցս եմք»((Հմմտ. Խորենացի, անդ, էջ 363։))։