Վերջերս մամուլի շիկացած նիւթերէն մէկն է Տ. Արմէն Քահանայ Մելքոնեանի «կարգազրկման» հարցը, որովհետեւ այս հերոս քահանան՝ մեր օրերու նոր Ղեւոնդ Երէցը, Հոլանտայի մէջ հայրենի պետութեան կատարած անարդարութիւններուն դէմ տեղի ունեցող ցոյցերուն մէկուն ընթացքին կանգնած է իր ժողովուրդի կողքին եւ յաւուր պատշաճի իր սրտի խօսքը ուղղած:
Այս արդար եւ օրինակելի հերոսական արարքը պատճառ դարձած է, որ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան Արքեպիսկոպոս (բոլորիս ծանօթ է թէ ի՞նչ հանգամանքներու տակ Անգլիայէն բերուեցաւ եւ նշանակուեցաւ Ֆրանսայի առաջնորդ), ահաւասիկ այս սնափառ եկեղեցականը, կ’ընէ հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնները, այդ ալ՝ մամուլով. «Արմէն քահանան կարգապահական հարցեր ունի: Նա Անթիլիասից (Լիբանան) է եկել եւ ապրում է Բելգիայում: Ինքն իր ազատ կամքով գնում է Բելգիա, Հոլանդիա, Իտալիա, Ֆրանսիա: Նա անում է այնպիսի բաներ, որոնք ես, որպէս առաջնորդ, չեմ կարող անել: Արմէն քահանան կարգապահական լուրջ հարցեր ունի, եւ ես` որպէս առաջնորդ, կարող եմ նրան կարգալոյծ անել: ԱրմԷն քահանայ Մելքոնեանը չունի համապատասխան փաստաթղթեր այն մասին, որ ինքը ձեռնադրուած քահանայ է»:
Դիտեցէ՛ք վերեւի նկարները: Առաջին երկու նկարները, Արմէն Քահանայի ձեռնադրութիւնն է Հալէպի մէջ, ձեռամբ օրուան առաջնորդ Սուրէն Արքեպիսկոպոս Քաթարոյեանի, 9Սեպտեմբեր 1990 թուականին: Երրորդ նկարով, Հոլանտայի եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արմէն կիսազգեստ հագած՝ կանգնած է ստախօս «առաջնորդ»ի կողքին, իսկ չորրրոդ նկարը զինք ցոյց կու տայ Ֆրանսայի Թեմին իրաւասութեան մէջ գործող քահանայ հայրերուն հետ:
Եւ կը շարունակէ սուտասան առաջնորդը. «Ես իրենից խնդրել եւ պահանջել եմ փաստաթղթեր, թե ինքը ձեռնադրուա՞ծ է Անթիլիասում, թէ՞ ոչ, բայց մինչ այս որեւէ փաստաթուղթ չեմ ստացել: Ամէն մէկին, ով գայ, ասի` ես քահանայ եմ, չեմ կարող պաշտօն տալ, կարգ ու կանոն կայ: Եթէ ինքը ձեռնադրուած քահանայ է, թող բերի համապատասխան նամակը, որ իսկապէս ձեռնադրուած է: Ես` որպէս քրիստոնեայ, նրան ասացի, որ չի կարող լինել պաշտօնապէս քահանայ, մինչեւ այդ թղթերը չներկայացնի»:
Վահան սրբազան օր-ցերեկով ինքն իրեն կը հակասէ երբ, ակնարկելով ենթակային, մէկ կողմէ զայն կը կոչէ քահանայ («Արմէն քահանան կարգապահական հարցեր ունի … Արմէն քահանան կարգապահական լուրջ հարցեր ունի … ԱրմԷն քահանայ Մելքոնեանը չունի համապատասխան փաստաթղթեր…), իսկ միւս կողմէ՝ հարցականի տակ կ’առնէ անոր քահանայական ձեռնադրութիւնը… (Եթե ինքը ձեռնադրուած քահանայ է, թող բերի համապատասխան նամակը, որ իսկապէս ձեռնադրուած է:)
Այսքան տարի ծառայելէ ետք Ֆրանսայի Թեմի իրաւասութեան սահմաններուն մէջ, Վահան սրբազանին եւ անոր նախորդին օրով, հիմա՞ հարց դարձաւ թէ Տէր Արմէն ձեռնադրուած քահանայ է թէ ոչ: Հիմա՞ առաջնորդին միտքը ինկաւ որ օրինական թուղթերու եւ վաւերագրերու պէտք ունի վստահ ըլլալու համար թէ Տէր Արմէն ձեռնադրուած է, թէ՞՝ իրեն պարտադրեցին պատրուակներ հնարել որպէսզի «ՎԵՐԵՒԻՑ» եկած հրահանգին արդարացում գտնէ:
Ու տակաւին Վահան սրբազան կը շարունակէ շարանը գունազարդ սուտերուն. «Անթիլիասից վռնդուած է, փախած է: Եկել Բելգիայում ճաշարան է բացել: Յետոյ ուզել է քահանայ լինել: Վեհափառի պատուիրակը իրեն թույլ է տուել, որ Բելգիայում պատարագ անի: Բելգիայի սրբազանի հետ խնդիր է ունեցել, գնացել է Գերմանիա: Այնտեղ խնդիրներ ունենալուց յետոյ եկել է Հոլանդիա: Ինքը պաշտօնից զրկուած չէ: Անցեալ կիրակի պատարագ է մատուցել: Մենք չենք կարող իրեն թեմի մեջ գրանցել` որպէս հոգեւորական, մինչեւ պաշտօնական թղթերը չներկայացնի»: Ի դէպ, կարելի՞ է արդեօք գերաշնո՜րհ սրբազանին հարց տալ թէ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Վեհափառի պատուիրակը թոյլ կու տայ Տ. Արմէնին՝ Ս. Պատարագ մատուցանել Պելճիքայի մէջ, առանց պաշտօնական թուղթերու միջոցաւ ստուգելու անոր քահանայական ձեռնադրութիւնը…: Ու տակաւին՝ ի՞նչ ըսել կ’ուզէ սրբազանը, երբ կը յայտարարէ. «Ինքը պաշտօնից զրկուած չէ: Անցեալ կիրակի պատարագ է մատուցել» …:
Կարելի՞ է այսքան ստել երբ Վահան սրբազան քաջատեղեակ է եւ նոյնիսկ իմացած է իր միաբանակից եղբօրմէ՝ Գերմանիոյ առաջնորդ Գարեգին Արք. Պէքճեանէն, թէ Տէր Արմէն բարի վաղուց վկայագիր ունի Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, եւ յանձնարարական նամակ մը՝ ուղղուած Պէքճեան Սրբազանին, որ եթէ պէտք ունի քահանայի, Տէր Արմէն պատրաստ է իր կարողութիւնները ի սպաս դնելու իր ժողովուրդին՝ եկեղեցւոյ ծառայութեան ճամբով, որովհետեւ Լիբանանէն ընտանեօք կը փոխադրուի Եւրոպա:
«Ես կարող եմ նրան կարգալոյծ անել» յայտարարութիւնը ինքնին խոշոր փաստ մըն է Վահան սրբազանին սնափառութեան, ու առաւել եւս ցոյց կու տայ իր տգիտութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ կանոններու տրամադրութեանց մասին: Նախ պէտք է ըսել, թէ Տէր Արմէն ո՛չ մէկ ծանր յանցանք գործած է — Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքի դէմ քարոզչութիւն, բղջախոհութիւն, գայթակղութիւն, մանկապղծութիւն, գողութիւն, խարդախութիւն, վաշխառութիւն կամ սպանութիւն –, հետեւաբար ի՞նչ յանցանքի համար պիտի արգիլուի իրեն քահանայագործել (այդքան աժան պէտք չէ գործածել կարգալոյծ բառը):
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ այս բոլորը քինախնդրութեան, վրէժխնդրութեան, եւ ոխակալութեան հարց է: Կարելի չէ երեւակայել որ նման դէպք մը (քահանայ մը ցոյցի մասնակցելով իր ժողովուրդի կողքին կանգնի) կրնայ պատահիլ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ պետութեան երկաթեայ թաթը անմիջապէս կը հասցնէ իր հարուածը, վերջնականապէս խորտակելով եկեղեցականին ապագան: Սակայն պայմանները տարբեր են արտասահմանի մէջ, նամանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ քահանան չէ ձեռնադրուած Էջմիածնական թեմի մէջ: Վահան սրբազանի յաւակնութիւնները անտեղի ըլլալով, նաեւ անօրինական են, եւ նման յոխորտանքները պէտք է դադրին:
Ասկէ առաջ շատ կրկնած ենք թէ որչա՛փ նուիրական է հայ եկեղեցականին պաշտօնը, այնչափ ալ ծանր է անոր պատասխանատուութիւնը: Եթէ չունի ան՝ հաւատք եւ նուիրեալ հոգի, չի՛ կրնար կատարել իր պարտքն ու պաշտօնը հանդէպ եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին: Բարեբախտաբար ժողովուրդը զօրավիգ կը կանգնի այսօր քաջարի հովիւին եւ բարձրաձայն իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ եկեղեցւոյ «մենաշնորհեալ» ապականած ղեկավարութեան դէմ:
Ազգովին կ’ապրինք ողբերգական վիճակի մէջ: Կեանքի պայմանները եւ հանրային լուրջ հետաքրքրութեան պակասը մեզ կանգնեցուցած են քայքայիչ վտանգներու առաջ, որոնց առ հասարակ գիտակցութիւնն անգամ չունինք: Մէկդի դրած ենք ամէն տեսակի առողջ դատում եւ իրաւական արժէք ներկայացնող ամէն խարիսխ, որ իր մէջ կը մարմնաւորէ ազնիւ սկզբունքներ: Հայրենիքէն ներս եւ դուրս կատարուած դէպքերն ու վկայութիւնները պէտք է արթնութեան կոչ ըլլան մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլան ոտքի կանգնելու յանուն ճշմարտութեան եւ խորտակելու ամէն տեսակի եկեղեցական թէ աշխարհական մենաշնորհեալ եւ ապականեալ ախորժակները: