Ի՞նչ կայ այս ծխածածկոյթին տակ

  • 15/11/2016
  • Ոսկան Մխիթարեան

  • Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի ի Լոս Անճէլըս

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջէն կ’իմանանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Խաժակ Արք.Պարսամեանի, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հրաւէրով Նիւ Եորքի մէջ 31 Հոկտեմբերէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր տեղի պիտի ունենայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ «Ս. Էջմիածնէն՝ աշխարհին» կարգախօսը:

Վերլուծելէ առաջ պաշտօնական յայտարարութիւնը կը փափաքիմ անգամ մը եւս հայ ժողովուրդը իրազեկ դարձնել թէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ ըսուած ժողովը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ իրենց սեփական անձին հանդէպ յարգանքը կորսնցուցած «անդամ»-ներու խորհրդակցական հաւաք մը, որ ո՛չ մէկ կանոնական իրաւասութիւն ունի՝ իր խորհրդակցական հանգամանքէն անդին որեւէ որոշում առնելու, որովհետեւ այս ստրկամոլներու խմբակը նշանակուած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն, եւ ո՛չ թէ ընտրուած ու վաւերացուած Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ, հետեւաբար՝ իրենց բոլոր «որոշումներն» ալ սահմանափակուած են ըլլալու միայն խորհրդակցական բնոյթ կրող թելադրանք-յանձնարարութիւններ, եւ ո՛չ աւելին:

Անհամբեր պիտի սպասենք տեսնելու նուիրապետական մեր երկու պատրիարքութեանց գահակալներու ներկայութիւն-մասնակցութիւնը այս հանդիպումին, որոնք ի պաշտօնէ ատենապետներն են այս «Խորհուրդ»-ին: Անոնց բացակայութիւնը զգալի էր Սեպտեմբեր 6-8 Գանձասարի վանքին մէջ տեղի ունեցած «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի» հերթական ժողովին, որուն մասին, Մայր Աթոռի տեղեկատուութեան համակարգին սովորութեան համաձայն, աղօտ եւ անորոշ յայտարարութիւններ կարդացինք միայն Մայր Աթոռի կայքէջին վրայ:

Մայր Աթոռի կայքէջին այս խոշոր յայտարարութիւնները ծխածածկոյթ կոչեցինք այն համոզումով, որ այս բոլորի ետին կան այլ նպատակներ.-

ա. Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի «հովուապետական» այցելութիւնը (ընթերցողը ի՛նք թող որոշէ թէ ի՞նչ էր նպատակը այդ այցելութեան) մրցակցութեան շարժառիթ մըն էր:
բ. Մրցակցութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ սնափառ անհրաժեշտութիւնը տօնախմբելու Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 17-րդ տարեդարձը: Կրնա՞յ ըլլալ որ մին «մեծարուի» իսկ միւսը ո՛չ՝ երբ երկուքն ալ կը տառապին փառամոլութենէ եւ ԵՍ-ի պաշտամունքի տենդէն:

գ. Բացառիկ առիթ դրամահաւաքի: Ի վերջոյ սփիւռքը կթան կով է, նամանաւանդ երբ հաղորդագրութեան մէջ շեշտ կը դրուի Բարեգործական Միութեան Նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանի հրաւէրին վրայ: Տակաւին կարծէք երէկ էր, երբ ան մասնակցեցաւ այս տարուան Փետրուար ամսուն Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի» մէկ նիստին եւ մեծարուեցաւ Մայր Աթոռին կատարած իր խոշոր նուիրատոււթեան համար:

դ. Շքանշաններու առատաբաշխում: Վարակիչ այս հիւանդութիւնը մրցակցութեան վերածուած է ամէնուրեք: «Արժեմ-չարժեմ» կուրծքերու վրայ կը զետեղուին շքանշաններ: Կարծէք գտած են գաղտնիքը թէ ինչպէ՛ս կարելի է գրաւել եւ առինքնել իրենց «զոհերը», շոյել անոնց եսը եւ պարպել անոնց քսակները, յաճախ ալ ի հարկին «առաջնորդ» կոչուած իրենց մանկլաւիկներուն միջոցաւ շքանշանին դիմաց կոկիկ գումար մը նախօրօք պահանջելով «ղեկավար» կոչուած ամիրաներէն: Ահա թէ մինչեւ ո՛ւր հասած է Հայ Եկեղեցին:

ե. Ամենածիծաղելին ա՛յն է, որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ»-ի, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու թեմական խորհուրդներուն ու ՀԲԸՄ-ի գործադիր վարչութեան միացեալ ժողովը, ուր պիտի քննուի թէ «ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ Ամերիկայի հայութեան»: Ընթերցողին մտքին մէջ անմիջապէս կը ծագի սա մտածումը թէ Հայաստանի եւ ներքին սփիւռքի հայութեան կարիքներուն հասան, հիմա ալ ամերիկահայութեան պիտի օգնեն…:

Կ’արժէ այստեղ քիչ մը ընդարձակուիլ եւ խորացնել մեր մտածումները վերջին պարբերութեան մասին: Ականատես եւ ականջալուր ենք բոլոր այն կանոնական խախտումներուն որոնք տեղի կ’ունենան Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն մէջ: Անոնցմէ գլախաւորը՝ թեմական առաջնորդներու իրաւազրկումն է. այլ խօսքով՝ ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս եւ սփիւռքի մէջ առաջնորդներ իրաւունք չունին քահանաներ ձեռնադրելու իրենց թեմերէն ներս: Կաթողիկոսը ի՛նք պիտի որոշէ թէ ո՞վ կրնայ քահանայագործել տուուեալ թեմէն ներս: Ահաւասիկ այս տարօրինակ երեւոյթը գայթակղութեան եւ բողոքի առիթ ստեղծած է նամանաւանդ Արեւելեան թեմէն ներս, ուր գաղութը մեծաւ մասամբ կազմուած է ամերիկածին հայերէ, որոնք կը դժուարանան հասկնալու արեւմտահայերէնը, ալ ո՛ւր մնաց որ հասկնան աղաւաղուած արեւելահայերէնը այն հոգեւորականներուն՝ որոնք ղրկուած են մեծաւ մասամբ Հայաստանէն, կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ հաւանութեամբ, հեռաւոր նպատակներով…: Կրնա՞յ պատահիլ, որ առաջնորդ մը քաջութիւնը ունենայ իր դժգոհութիւնը կամ ընդվզումը արտայատելու… քա՛ւ լիցի: Եթէ կ’ուզէ իր առաջնորդական աթոռը կորսնցնել՝ թո՛ղ յանդգնի…:

Իր տեսակին մէջ եզակի կանոնական այս խախտումին «հեղինակ-հերոսը» Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն է, պետական օրհնութեամբ: Ծածուկ նպատակ ունենալով բռնագրաւել սփիւռքի բոլոր հաստատութիւններն ու անոնց նիւթական հարստութիւնները, կը փորձէ կանոնագրային փոփոխութիւններ ստեղծել Սփիւռքի թեմական կեանքէն ներս՝ հակառակ կատարուած գրաւոր բողոքներուն, նամանաւանդ ամերկահայ նոր սերունդին կողմէ, որ չի հաւատար կղերապետութեան եւ չի փափաքիր յանձնել ամէն ինչ, նամանաւանդ կալուածային հարստութիւն, Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան «բարերա՜ր խնամքին» առ ի տնտեսութիւն:

Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք ու քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումին նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին: Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ եւ հաշիւ պահանջէ բոլոր այ՛ն կասկածելի գործերու մասին, որոնք կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս եւ կամ եկեղեցականներու ձեռամբ: Երբ դիրքի եւ պաշտօնի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահանջել եթէ կը փափաքինք ազգաշէն գործ կատարել:

Այս դժբախտ եւ տխուր կացութեան կապակցութեամբ բոլորս ալ, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մանաւանդ ամլացած մամուլ, յանցաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննանդատութիւնները՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով, եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէս չենք գար բոլոր անոնց դէմ ` կազմակերպութիւններ կամ անհատներ, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնց հանգամանքները, որոնք կը չարաշահեն իրենց աթոռներն ու պաշտօնները եւ կ’անպատուեն ու կ’եղծանեն ազգին բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:

Որպէս ժողովուրդ՝ արդեօք պիտի հասնի՞նք ինքնագիտակցութեան այ՛ն մակարդակին որ քաջութիւնը պիտի ունենանք խօսելու եւ պահանջելու ազգի գործերուն մէջ մեր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը ա՛յն աւատապետներէն, ջոջերէն եւ նորելուկ ամիրաներէն, որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգին «ներկայացուցիչներն ու ղեկավարները»: Անշուշտ աւելի արդար եւ ճշմարիտ պիտի ըլլար կոչել զիրենք՝ ազգը կեղեքող կեղծ ներակայացուցիչները: