Ոսկան Մխիթարեան
20/09/2016
Քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային եւ այլ հաստատութիւններ անհրաժեշտ է որ կազմակերպեն հրապարակային քննարկումներ եւ հաշիւ պահանջեն ա՛յն մենաշնորհեալներէն, եկեղեցական կամ աշխարհական, որոնք կեղծ բարեսիրութեան անուան տակ կը կեղեքեն ժողովուրդին ազնիւ զգացումները: